Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 30 Սեպտեմբերին մեղադրեց Հայաստանը՝ ըսելով, որ իբր թէ Երեւան «կը հրաժարի անյայտ կորսուածներու ճակատագիրին մասին տեղեկութիւններ տրամադրել»:
Դատախազներու միջազգային միութեան համաժողովին մասնակցողներուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ ան ըսաւ, որ այս ընթացքին անհետ կորսուած են շուրջ 4 հազար ատրպէյճանցիներ:
Երեւան բազմաթիւ անգամներ բարձրագոյն մակարդակով յայտարարած է, որ պատրաստ է անյայտ կորսուած նկատուող անձերուն ճակատագիրը յայտնելու համար համագործակցիլ Ատրպէյճանի հետ:
Ալիեւ նաեւ ըսաւ, որ «Ղարաբաղի եւ արեւելեան Զանգեզուրի մեր հայրենակիցները, որոնք երբեք չեն տեսած այդ հողերը, ոգեւորութեամբ եւ անհամբերութեամբ կը սպասեն վերադարձի օրուան` անհամբեր սպասելով Մեծ վերադարձի ծրագիրի իրականացման»։
«Վստահ եմ, որ նոյն պատկերը կը տեսնենք նաեւ Արեւմտեան Ատրպէյճան վերադարձի ժամանակ», ըսաւ Ալիեւ:
Յունիսին, Ալիեւ Երեւանէն պահանջած էր «յստակ պատասխան տալ` ինչպէս կրնան Հայաստանի ներկայ տարածքէն`Արեւմտեան Ատրպէյճանէն արտաքսուած ատրպէճանցիները կամ անոնց ժառանգորդները վերադառնալ իրենց պատմական հողեր` այցելել այդ տարածքները կամ բնակութիւն հաստատել այնտեղ»:
Ալիեւ պնդեց, որ «այն գիւղերուն 90 տոկոսը, ուր կ՛ապրէին ատրպէյճանցիները, այսօր դատարկ են»: