ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանին «Երկրի Հիւրասրահը» հաղորդաշարին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած շարք մը հարցերու, տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ ներքաղաքական օրակարգերուն:
Խօսելով ամէն գնով Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն բուռն ձգտումներուն մասին` Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ Հայաստան այս պահուն աճապարանքի մէջ է, փոքրիկ ձեռքբերումներով խաղաղութեան հասնելու կողմնակից է, պատրաստ է խեղճացած իրավիճակի մէջ բանակցային գործընթացին մաս կազմել, մինչդեռ միջազգային փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ ասիկա մեզ լաւ տեղ չի կրնար հասցնել:
«Պարտուածի հոգեբանութեամբ եւ շարունակական միակողմանի զիջումներով, բնական է, որ թշնամին միշտ կարելի է գոհացնել, բայց ես վստահ եմ, որ Ատրպէյճան պատրաստ չէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան դաշնագիրի ստորագրութեան, որովհետեւ իրենք կ՛ուզեն առաւելագոյնը կորզել եւ այդ մէկը կ՛ուզեն ընել մինչեւ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք COP-29-ը: Իսկ գալով COP-29-ին, մենք անոր գծով պայքարի նախաձեռնեցինք ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ պէտք է ըսել, որ կան նկատելի արձանագրուած յաջողութիւններ: Մենք Ատրպէյճանին որոշ մտահոգութիւններ պատճառած ենք արդէն, որովհետեւ շարք մը պետութիւններու մէջ մեր, եւ ոչ միայն մեր, աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք կան այն տպաւորութիւնները, որ այնքան ալ նպատակայարմար չէր այդ բռնատիրական երկրի մը մէջ այդպիսի տարողութեամբ եւ բովանդակութեամբ համաժողով մը կազմակերպելը», ըսաւ Տէր Խաչատուրեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի իշխանութիւններուն` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին փորձերուն, ան դիտել տուաւ, թէ, հակառակ Հայաստանի իշխանութիւններուն պնդումներուն, թէ գործընթացը տեղի կ՛ունենայ առանց նախապայմաններու՝ անոնք կան եւ անոնց մասին թրքական կողմը բացայայտօրէն կը խօսի: «Ինչպէս Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման նախորդ գործընթացներուն մէջ, կը պարզուի, որ Թուրքիա իր բոլոր քայլերուն մէջ պիտի առաջնորդուի բացառապէս Ատրպէյճանի շահերով», դիտել տուաւ Տէր Խաչատուրեան։