Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ֆրանսախօսութեան 45րդ նախարարական համաժողովին ընթացքին ողջունեց «Ֆրանսախօս տարածաշրջանին մէջ ճգնաժամային իրավիճակներու, անոնց յաղթահարման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ բանաձեւ»ի նախագիծը, որ կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին՝ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան յարգման վրայ հիմնուած, 1991թ. Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն:
«Բանաձեւը ողջունում է նաեւ 2024թ. Ապրիլի 19ի արձանագրութիւնում վերահաստատուած սկզբունքների հիման վրայ միջպետական սահմանի սահմանազատման ուղղութեամբ արձանագրուած առաջընթացը եւ խրախուսում տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիների վերաբացումը՝ ինքնիշխանութեան, ազգային իրաւազօրութեան, հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքների նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ: Հայաստանը յանձնառու է շարունակելու իր ջանքերը՝ միտուած տարածաշրջանում յարատեւ խաղաղութեան հաստատման օրակարգի առաջմղմանը: Մենք բազմիցս պատրաստակամութիւն ենք յայտնել առանց հետագայ յապաղման ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրն Ադրբեջանի հետ: Վստահ եմ, որ ֆրանկոֆոն ընտանիքի աջակցութիւնը խաղաղութեան գործընթացին դրական ազդակ կը հաղորդի դրան», յայտնեց Միրզոյեան: