Շաբաթ, 28 Սեպտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերահսկիչ մարմինին կողմէ վերամուտի առիթով կազմակերպուած միօրեայ համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համալիրին մէջ: Համագումարին ներկայ եղան Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Հոգեւորականաց դասու անդամներ, Կիրակնօրեայ վարժարաններու նուիրեալ-ծառայողներ՝ տեսուչներ եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:
Ըստ աւանդութեան՝ ամէն աշնան, այս համագումար կը կազմակերպուի Կիրակնօրեայ վարժարաններու գործունէութիւնը գնահատելու, առկայ դժուարութիւնները քննելու եւ նոր տարեշրջանի ծրագիրները համատեղ մշակելու նպատակով:
«Տէրունական աղօթք»ի եւ «Հաւատամք»ին միասնական արտասանութենէն ետք, Վերահսկիչ մարմինի ատենադպիր Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան կատարեց բացման խօսքը, մինչ տեսուչները, յաջորդաբար, ներկայացուցին իրենց ուսուցչական կազմերը եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ներկայ իրավիճակը: Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի տեսուչ Յակոբ Ջաղացպանեան իր կարգին ներկայացուց պատանիներու կրօնաբարոյական դաստիարակութեան վերաբերող շինիչ նիւթ:


Ճաշի դադարէն ետք, համագումարին մասնակցողները հաղորդ դարձան Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի նիւթին, որ կը վերաբերէր մերօրեայ հայ մանուկին եւ պատանիին ինքնութեան ու հոգեւոր-բարոյական կառոյցին սպառնացող վտանգներուն եւ անոնց առաջքը առնելու մասին իր պատկերացումներուն:
Համագումարին մասնակցողներուն ծրագիրները, տեսակէտները եւ առաջարկները լսելէ ետք, սրբազան հայրը յատուկ կերպով շեշտեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու դերը եւ առաքելութիւնը թեմի ազգային կեանքին մէջ՝ դիտել տալով, որ ներկայիս Կիրակնօրեայ վարժարանները նաեւ կոչուած են մեծ բաց մը փակելու հայ համայնքի կրթական համակարգին մէջ, ուր, դժբախտաբար, հազիւ թէ կը մատուցուին հայ-քրիստոնէական գիտելիքներ, հոգեւոր դաստիարակութեան ջամբում տեղի չ՛ունենար բաւարար չափով, հայ նոր սերունդի մատղաշ տղաքը եւ աղջիկները չեն ամրանար քրիստոնէական հաւատքով, չեն պատրաստուիր ծառայելու Հայ եկեղեցւոյ եւ ըլլալու պիտանի անօթ ազգին ու հայրենիքի կեանքին մէջ:
Յատկապէս այս իմաստով ան շեշտեց կարեւորութիւնը Կիրակնօրեայ վարժարաններու դաստիարակչական ծրագիրներուն՝ ըսելով. «Մեր ակնկալութիւնն է, որ ձեզի յանձնուած աշակերտները դուք դաստիարակէք Հայ առաքելական ուղղափառ դաւանանքի սկզբունքներով, անոնց դեռատի հոգիներն ու միտքերը լեցնէք Հայ եկեղեցւոյ հայրերու հաւատալիքներով ու դաւանած հոգեւոր, ազգային եւ համամարդկային անկորնչելի արժէքներով»: Ապա սրբազանը ներկաներուն հայրաբար մաղթեց յաջողութիւն իրենց աշխատանքներուն մէջ, որոնք շարունակուեցան մինչեւ ուշ յետմիջօրէ: