Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմ)։ Նիւ Եորքի օդակայանին մէջ վեհափառը դիմաւորուեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեանի եւ թեմի խումբ մը հոգեւոր հայրերու կողմէ։
Յիշենք, որ անցեալ տարի (2023) վեհափառը այցելած էր արեւելեան թեմի Միջին Ատլանտեան շրջանի ծուխերը։ Ներկայ հովուապետական այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ Նիւ Ինկլընտի եւ Միջին Ամերիկայի ծուխերը՝ Փրաւիտընս (Ռոտ Այլընտ), Ինտիըն Օրչըրտ, Ուսթըր, Ուայթընզվիլ, Պոսթըն, Նորթ Էնտովըր (Մեսեչուսեց), Կրենիթ Սիթի, Կլենվիու, Ուոքիկըն (Իլինոյ), Ռէյսին (Ուիսքանսըն) եւ Տիրպորն (Միշիկըն)։
Յայտնենք, որ վեհափառին կ՛ընկերանան կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական ու քրիստոնեայ-իսլամ բաժանմունքի վարիչ Սարգիս վրդ. Աբրահամեան։


Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերին, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Արամ Ա.ին այցելեց դատական ելոյթներով մեծ համբաւ վայելող դատաւոր Ֆրանք Քափրիոն: Դատաւորը իր ընթացիկ դատական աշխատանքներուն առընթեր, անցնող տարիներուն ընթացքին դատական յատուկ պարագաներ, ընկերային ցանցերու ճամբով, սեփականութիւնը դարձուց հանրութեան եւ ունեցաւ մեծ թիւով հետեւորդներ: Դատերու նկատմամբ անոր ունեցած արդար մօտեցումներուն առընթեր, դատաւոր Քափրիօ նաեւ ցուցաբերած է հասկացողութիւն եւ զգայուն մօտեցում: Դատական շրջանակներէ ներս ան կը վայելէ մեծ յարգանք:
Լսելով կաթողիկոսին՝ Փրաւիտընս այցելութեան մասին ՝ դատաւորը ուզած էր հանդիպում ունենալ վեհափառին հետ:
Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, հոգեւոր հայրեր եւ ազգային վարչութեան անդամներ:
Վեհափառը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ֆրանք Քափրիօ դատաւորին՝ դատական հարցերու նկատմամբ անոր ցուցաբերած յաճախ գթասիրտ մօտեցումին եւ հասկացողութեան համար: Կաթողիկոսը նաեւ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ու առաքելութեան:


Նոյն օրը, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Արամ Ա. յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցւոյ առնչակից մարմիններուն հետ՝ Ազգային վարչութիւն, Հոգաբարձութիւն, Տիկնանց միութիւն, շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմ, ինչպէս նաեւ համայնքի քոյր կազմակերպութիւններուն հետ՝ ՀՅԴ, Համազգային, ՀՕՄ եւ երիտասարդական:
Հանդիպումներուն ընթացքին, վեհափառը շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման ծիրին մէջ գաղութին վերակենսաւորման հրամայականը: Ան նշեց, որ անհրաժեշտ է դուրս գալ աւանդական մտածողութենէ եւ գործելակերպէ: Կ՛ապրինք արմատական փոփոխութիւններով լեցուն ընկերութեան մը մէջ. չենք կրնար անտեսել մարդկային կեանքին մէջ յառաջացող նոր երեւոյթները, մտահոգութիւնները ու զարգացումները. անհրաժեշտ է քայլ պահել անոնց հետ, միշտ ամուր պահելով այն արժէքները եւ աւանդութիւնները, որոնք կը կազմաւորեն մեր ինքնութիւնը, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:
Ապա, կաթողիկոսը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:
Արամ Ա. նաեւ առիթ ունեցաւ այցելելու շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներուն եւ Փրաւիտիընսի մէջ հաստատուած ազգային թանգարանը:
Վեհափառը մասնակցեցաւ համայնքի մարմիններուն կողմէ կազմակերպուած ճաշկերոյթին:
Կիրակի, 6 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:
Կաթողիկոսը օրուան իր պատգամը կեդրոնացուց Քրիստոսի խօսքին վրայ. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6): Վեհափառը հրաւիրեց հաւատացեալները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու կեանքի ճշմարիտ հասկացողութեան վրայ: Ան ըսաւ, որ կեանքը, բանական եւ ոչ-բանական իմաստով, Աստուծոյ պարգեւն է մարդուն: Հետեւաբար, զայն պէտք է ապրիլ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ հաւատարմութեամբ: Մարդկային կեանքին առանցքն ու նպատակը պէտք է դառնայ Աստուած ի՛նք. առանց Աստուծոյ կերպարանափոխիչ ներկայութեան, մարդուն կեանքը կը կորսնցնէ իր նկարագիրը ու նպատակը, շեշտեց վեհափառը:
Նոյն երեկոյեան, ի պատիւ վեհափառին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, որ Փրաւիտընսի մէջ բնակութիւն հաստատած հայորդիները համախմբեց հայրապետին շուրջ:
Ճաշկերոյթին հանդիսավարն էր Յակոբ Խաչատուրեան: Հերթաբար խօսք առին Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեան, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Աթթարեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան։ Սրբազանը իր խօսքին մէջ, յանուն թեմի կրօնական եւ քաղաքական ժողովներուն, որդիական խորին երախտագիտութիւն յայտնեց հայրապետին, որ Միջին Արեւելքի այս տագնապալի շրջանին, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն, յաջողցուց հովուապետական իր այցելութիւնը՝ ապացուցելով, որ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկա տարածուող Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանին վայելող թեմերը կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն եւ մէկ հօտ: Ըստ այնմ, իբրեւ անձնդիր հովուապետ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր հայրական խնամքը անսակարկ կերպով կը տարածէ բոլորին վրայ, միշտ առաջնորդուելով երկնաւոր Հովիւին օրինակով՝ սիրով եւ զոհողութեամբ: Սրբազանը խտացնելով իր մտածումները՝ յայտնեց, թէ բոլորս եկած ենք վայելելու հայրապետին իմաստութիւնը եւ հարստացնելու մեր կեանքը՝ իր հայրական պատգամներով ու թելադրանքներով եւ ապա բեմ հրաւիրեց կաթողիկոսը՝ ուղղելու համար իր հայրապետական եւ հայրական օրհնութեան խօսքը։
Իր խօսքին մէջ վեհափառը անդրադարձաւ երկու գլխաւոր գաղափարներու: ԱՆ շեշտեց, թէ մենք համայնք ենք արժէքներու, սկզբունքներու եւ իտէալներու շուրջ համախմբուած, միաժամանակ մենք ընտանիք ենք, որ զանազան պատասխանատուութիւններով լծուած է ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան: Կաթողիկոսը յատուկ կերպով գնահատեց երիտասարդներու մասնակցութիւնը Փրաւիտընսի հայ համայնքի կեանքին մէջ:
Ճաշկերոյթի գեղարուեստական բաժինին մաս կազմեցին նաեւ այն երիտասարդները, որոնք քանի մը տարի առաջ մասնակցած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած երիտասարդական ամառնային դասընթացքներուն:
Յայտնենք, որ ճաշկերոյթի ընթացքին, կաթողիկոսը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց համայնքի կեանքին մէջ տարիներու ծառայութիւն մատուցած Մակի Նալպանտեանը եւ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով՝ Յակոբ Խաչատուրեանը:
«Կիլիկիա» օրհներգով, «Ի Վեհ Բարձանց» հայրապետական մաղթերգով եւ հայրապետին օրհնութեամբ ճաշկերոյթը հասաւ իր աւարտին: