Պաղեստինեան «Համաս» շարժումի զինեալ թեւը յայտարարեց, որ Երկուշաբթի օր «Էմ. 90 Մաքատիմա» տեսակի հրթիռներով հրթիռակոծած է Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին, որ իսրայէլեան բանակը դարձեալ չյաջողեցաւ ձախողութեան մատնել Կազայէն սպասուած հրթիռարձակում մը:
«Բանակին ձախողութիւնը կը նշանակէ, թէ շարժումին ղեկավարման եւ վերահսկման կարողութիւնները չեն ականահարուած», նշեցին անոնք:
«Բանակը 7 Հոկտեմբերի յարձակումին պէս յարձակումի մը կանխարգիլման գործողութիւններ շղթայազերծեց», նախապէս հաղորդած էին իսրայէլեան լրատուամիջոցները:
««Համաս»ը 5 հրթիռներ արձակեց Խան Եունեսէն, ուր բանակի գործողութիւնները դադրեցան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ շարժումը վերականգնած է իր ուժը», հաղորդեց «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը:
Իսկ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը տեղեկացուց, որ ըստ իսրայէլեան բանակին գնահատումին, «Համաս» շարժումը տակաւին տասնեակներով հեռահաս հրթիռներ ունի:
Աւելի ուշ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ բնակիչներուն հրամայած է հեռանալ Կազայի հիւսիսը գտնուող շարք մը գիւղաքաղաքներէ եւ շրջաններէ:
«Կազայի մէջ առնուազն յաւելեալ մէկ տարի կռուելու կարիքը ունինք», «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթին յայտնեցին իսրայէլացի պաշտօնատարներ: