ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Իսրայէլեան իշխանութիւնները 7 Հոկտեմբերին հաղորդեցին, թէ Լիբանան ներխուժելէ 8 օրեր ետք, յաւելեալ ուժեր սկսած են ուղարկել դէպի հարաւային Լիբանան՝ կասեցնելու համար հոնկէ դէպի Իսրայէլ շարունակուող ռմբակոծումները, մինչ դէպի հարաւային Լիբանան եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններ ռմբակոծումները կը շարունակուէին։ Ներկայիս մօտաւորապէս 15,000 իսրայէլացի զինուորներ հարաւային Լիբանան ներխուժած են։
Նշենք, որ «Հըզպալլա»ի զինեալները Երեքշաբթի օր յաջորդական երրորդ օրը ըլլալով ռմբակոծեցին հիւսիսային Իսրայէլի Հայֆա քաղաքը, յաւելեալ 12 վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ պատճառելով։
Իսրայէլեան ռմբակոծումները ցարդ առաւել քան 2000 զոհեր խլած են Լիբանանի տարածքին եւ 1.2 միլիոն քաղաքացիներ գաղթական դարձուցած են։