Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվըրչուք դարձեալ լուսարձակի տակ առաւ տարածաշրջանային ապաշրջափակման շուրջ Երեւանի ու Մոսկուայի վէճը՝ շեշտելով, որ «ապաշրջափակումը կարելի է միայն Ռուսիոյ մասնակցութեամբ»։
Հակառակ անոր որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ներկայիս չեն բանակցիր ապաշրջափակման հարցին շուրջ եւ որոշած են անոր վերադառնալ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելէն ետք, սակայն, ըստ քաղաքագէտ Տիգրան Գրիգորեանի այս նիւթը Ռուսիոյ համար կը շարունակէ շատ կարեւոր մնալ:
«Ռուսաստանի համար այս թեման առանձնակի կարեւորութիւն ունի յատկապէս այս փուլում, երբ նրանք դուրս եկան Լեռնային Ղարաբաղից ու այդ կոմունիկացիայի (հաղորդակցութեան միջոցի) նկատմամբ վերահսկողութիւնը կամ ներկայութիւնն այդ հաղորդակցութեան վրայ կարծես թէ այն քիչ լծակներից է մնում, որով կարելի է վերահսկել ե՛ւ Ադրբեջանին, ե՛ւ Հայաստանին», յայտնեց Գրիգորեան:
Յղում կատարելով 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան՝ Մոսկուա կը պնդէ, որ Հայաստան պայմանաւորուածութիւնը խախտած է, հրաժարած է համաձայնեցնել ռուս սահմանապահներուն կողմէ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու վերահսկողութիւնը: Երեւան, փաստաթուղթի նոյն կէտը մեկնաբանելով՝ կը յայտարարէ, որ հոն գրուած չէ, թէ ռուսական սահմանապահ ծառայութեան մարմինները պէտք է այնտեղ ներկայութիւն ըլլան:
Անդրադառնալով լրագրողի մը այն դիտարկումին, որ Երեւան առանց ռուսներու մասնակցութեան ապաշրջափակում կը պատկերացնէ՝ Օվերչուք արձագանգեց՝ ըսելով, թէ Հայաստան պաշտօնապէս չէ քաշուած եռակողմ յայտարարութենէն, չէ վերցուցած իր ստորագրութիւնը, բայց, նոյն ատեն, փոխվարչապետներու մակարդակով եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան մէջ մէկուկէս տարիներէ ի վեր յառաջընթաց չկայ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա եւս լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան աշխոյժ կերպով մասնակցած է աշխատանքներուն, ներկայացուցած է առաջարկներ, որոնցմէ շատերը նկատի առնուած են, բայց չէ ստորագրած «Եւրասիոյ մէջ անվտանգութեան ապահովման սկզբունքներուն մասին» յայտարարութեան նախագիծը, որ ընդունուած է ԱՊՀի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին։ Ան նշեց, որ ինք չի կրնար խօսիլ չստորագրելու պատճառին մասին։
Զախարովա նաեւ խօսեցաւ արեւմտեան ուժերու կեցուածքներուն եւ ըսաւ, որ Ատրպէյճանի վրայ ճնշումները եղած են բազմաթիւ ու զանազան հարցերու շուրջ։
«Սակայն զանազան հարցերու, որոնց կարգին COP 29-ի նիւթին շուրջ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու՝ արեւմտեան ուժերուն փորձերը անօգուտ են եւ աննախադէպ», ընդգծեց Զախարովա։