Քանի մը օր առաջ, Ռուսիոյ Ապահովութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար Ալեքսանտր Պորթնիքով ԱՊՀի ապահովական մարմիններու եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին յայտարարած էր հետեւեալը.
«Ամերիկացիները եւ եւրոպացիները ակնյայտօրէն շահագրգռուած չեն Անդրկովկասի մէջ կայունութեան հաստատումով: Արեւմուտքը կը փորձէ գլխաւորել Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ հասնիլ տարածաշրջանին մէջ իր «խաղաղապահ» խմբակներու տեղակայման»:
«Լուրեր»ը յայտարարութիւնը մեկնաբանելու խնդրանքով դիմեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, որ տուաւ հետեւեալ պատասխանը. «Մեր աջակցութիւնը միտուած է օգնելու երկիրներուն՝ արձագանգելու իրենց քաղաքացիներուն պահանջներուն` ունենալու հաշուետու, ժողովրդավար առաջնորդներ, որոնք կ՛աշխատին խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարեկեցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ»:
Ասոր զուգահեռ, «Թուրան»ի գործակալութեան Ուաշինկթընի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արժանապատիւ եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն` Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներու համար խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագան կեանքի կոչելու համար:
Ան նաեւ մեկնաբանեց պաշտօնական Պաքուի վերջին մեղադրանքները Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի հասցէին: «Միացեալ Նահանգները կը գնահատէ Ատրպէյճանի հետ իր երկկողմ յարաբերութիւնները», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը: