ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մահը մինչեւ այսօր կրօններուն կողմէ պաշտպանուած եւ փիլիսոփայական գիտութեան միջոցաւ բացատրութիւններ ունեցող դրութիւն է այս աշխարհին մէջ, իբրեւ մարմնական շօշափելի իրականութեան վերջնական աւարտը: Անասուններէն տարբերուող իրավիճակը, աստուածաստեղծ մարդուն տրուած երկնային պատիւ է: Ըստ կրօնական հաւատքին, այս կեանքէն մարդուն մահուամբ հեռացումը, հոգեկան յաւիտենական կեանք տեղափոխուելու սքանչելի ճամբայ կը բանայ անոր դիմաց:
Մարդկային մահը, մարդուն խօսակցութեան դադրելուն, ուրիշ խօսքով փոխյարաբերական կեանքին վախճանն է: Ոգեղէն կեանքը միայն մեռնողներուն բաժինն է. իսկ միւս կողմէն՝ մարմնական կեանքի մէջ գտնուողներուն բաժինն է այս կեանքին ժամանակաւոր շարունակութիւնը: Ոգեղէն կեանք փոխադրուածները, միայն երազի մէջ յայտնուելու ձեւեր ունին: Ուրեմն, լռութիւնը կը պատկանի մահացողներուն, որ համրութիւն կամ տկարութիւն կը համարուի անհաւատ, եւ ապագայ կեանքի մասին յոյս չունեցողներէն:
Հինէն եկող խրատ մը կայ, որուն համաձայն՝ մահացողին ետեւէն վատ խօսիլը ճիշդ բան չէ. ընդհակառակը, նոյնիսկ վատերուն անուան յիշատակութեան պահին լուռ մնալը՝ աւելի ճիշդ ծանրութիւն մը…: Ոմանք ուրիշներու մահէն քաջալերուած, իրենց ինքնութիւնը աւելի հասկնալի կը դարձնեն հասարակութեան, ուղղակի թատերական »ելոյթ« կազմակերպելով մահացողին մասին, ծիծաղի, ծաղրանքի եւ անիմաստ քննադատութեան ենթարկելով անոր անցած կեանքը:
Այս կեանքին մէջ ապրելու ընթացքին, շատեր զգուշաւոր հեռաւորութիւն կը պահեն այն անձերէն, որոնք աւելի ուշիմ եւ արթուն են: Անոնց հետ մրցակցութիւնը կեանքի նպատակ դարձնելով, ասոնք իրենց խեղճութիւնը կը հրապարակեն, նոյնիսկ բեմերու վրայ հանդիսաւոր ելոյթներու մասնակից դառնալու խոր ցանկութեամբ…: Ողբերգութիւն կը սկսի նման առիթներով, երբ անձին ներքին ոչնչութիւնը հրապարակ կու գայ սոյն ինքնախայտառակութեան տարածումով, եւ իր ներկայացուցած հաւաքական խումբին անարժէք ըլլալուն մասին բացայայտ հաստատումով:
Ինչպէ՞ս բարելաւել ընտանիքը, հաւաքական այն կեանքը, որուն մէջ կ՛ապրինք, եւ ուր կը կազմաւորուի նոր սերունդը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ընտանիքի մը ծնունդն է. մէկը հասարակ կամ անդաստիարակ ընտանիքի, միւսը զարգացում ունեցող եւ ընդհանրական կեանքի համար իր ծառայութեամբ յայտնի ընտանիքի:
Նուիրումը, կրթութիւնը, ընկերային կեանքի դաստիարակութիւնը եւ այլ կարեւոր տուեալներ, հասարակաց կեանքին համար երբեմն աներեւոյթ արժէքներ են. նման արժէքներ յաճախ անծանօթ հարստութիւններ են, որոնք նիւթական փնտռուած հարստութեան հետ բաղդատելը ժամանակի կորուստ է անխելքներուն համար: Նման անմիտներ իրենց ստանձնած գործին ենթակայութեամբ, ստրուկներ կը դառնան, իրենց գործատէրերուն ոտքերուն առջեւ ծնրադիր, կարծելով որ դրախտ մուտքի ճամբան բռնած են, այնտեղի փառք ու պատուի նախաճաշի սեղանը այս աշխարհին մէջ պատրաստելով:
Այս տկարամիտները, նոյնիսկ երբ իրենց մեծերուն հետ խորհրդակցութեան դիմեն, մտովին չեն արթննար, որովհետեւ սահմանափակ է անոնց գիտութիւնը: Անոնք չեն կրնար ամբողջութեամբ հասկնալ, որ նոր հորիզոններու դիմելով, կեանքի ինչպիսի՞ ալեկոծումներու կրնան ենթարկուիլ, եւ ո՞ր մէկ ափը կրնան հասնիլ ապագային…:
Մեռնողներուն երկրորդ տեսակը այն մեռելներն են, որոնք իրենց ապրած կեանքի ընթացքին մեռելական իրավիճակով կ՛ապրին արդէն: Կարելի չէ՛ անշուշտ իմաստային արժէք տալ վերոյիշեալ նախադասութեան, որովհետեւ մեռնիլն ու ապրիլը հակադիր գաղափարներ են. սակայն, փիլիսոփայական առումով կարելի է պատկերաւոր ձեւի տակ դնել, ապրուած կեանքը անարժէք դարձնողները քննադատելու համար:
Ոչ մէկ գործի չմասնակցողը, իր շրջապատին նկատմամբ ծառայութեան պակաս ցուցաբերողը, եւ ի վերջոյ՝ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքի եւ յոյսի թերութիւն ունեցողը մեռած մըն է արդէն: Ծուլութեան տիտղոսը լաւագոյնն է այս մարդոց համար, եթէ իրենց ներքին ամբարտաւանութիւնը նոր աղէտի մը առջեւ չկանգնեցնէ զիրենք: Ծոյլ ըլլալու ցանկութիւնը մեծ »քայլ« մըն է ասոնց կողմէ առնուած, որ միաժամանակ ինքնակեդրոնացման սխալ ճամբուն կ՛առաջնորդէ զիրենք, շրջապատի մարդիկը նուաստացած տեսնելու »երջանիկ« պահեր շնորհելով այս անխելք »մեծամիտներուն«: Նման անձեր երբեք չեն կրնար մարսել յաջողութիւններդ, եւ իրենց կեանքի մնացեալ բոլոր օրերը կը տրամադրեն զանոնք կրկնօրինակելու տքնաջան աշխատանքին, միայն ժամանակի կորուստը »վայելելով«:
Մեռնողներուն երրորդ տեսակը՝ մահէն ետք ապրողներն են…: Քրիստոնէական կրօնքը բացառիկ օրինակներով հարուստ է, որոնք Նոր կտակարանին մէջ բացատրուած են հաւատացեալներուն: Բացի սոյն կրօնական հաստատումէն, գործնական կեանքին մէջ եւս յայտնի են այն մեռելները, որոնց պարագային մահը վերջ մը չէ եղած, այլ միշտ կը յիշատակուին բարի ու երանելի յուշերով:
Աստուածաշունչի մեկնաբանութեան իրենց անձը նուիրած հնագոյն եկեղեցական հայրերը դեռ »ողջ« չե՞ն: Անկասկած այո: Անոնց թողած գրաւոր ժառանգը զիրենք կենդանի պահած է դարերէ ի վեր…: Նոյնն է նաեւ այլ հեղինակներու պարագային, որոնք իրենց արժէքաւոր մտածումներով, մնայուն ուղղութիւններ են մարդկութեան կեանքին համար: Այս մեռելներն են, որոնց կը տրուի »անմահ« տիտղոսը, այսինքն մարդիկ, որոնք մոխիր դառնալէ ետք անգամ կը շարունակեն իրենց ազդեցութիւնը ունենալ, դեռ կեանքի մէջ եղողներուն…:
Դժբախտաբար կան ոմանք, որոնք նիւթական միջոցներով կ՛ուզեն անմահութիւնը ժառանգել, այսինքն՝ ա՛յս աշխարհի միջոցներով, ո՛չ թէ յաւիտենական կեանքի օրէնքներով…: Անոնք կ՛ուզեն քարեղէն կամ մետաղեայ արձաններով անմահանալ: Ժամանակի կորուստ է ասիկա, որովհետեւ նիւթական բոլոր միջոցները փճանալու ենթակայ են, նոյնիսկ եթէ քարեղէն, մետաղեայ եւ այլ նիւթերով կառուցուած կամ պատրաստուած ըլլան:
Պատերազմներու ընթացքին, երբեմն հակամարտող կողմերէն մէկը կը ռմբակոծէ թշնամիին հողատարածքին վրայ գտնուող հին եւ պատմական արժէք ունեցող վայրեր, գետնին հաւասարեցնելով հազարաւոր տարիներ առաջ հին մշակոյթի կառոյցներ: Ո՞վ կը համարձակի նման պահերու ընթացքին քննադատել թշնամիները: Նման պարագաներուն ամէն մարդ լուռ մնալով, միայն իր անձը փրկելու կը նայի:
Վերոյիշեալ նիւթական արժէքներու »մահ«ը կրնանք համարել մեռնելու տեսակներուն չորրորդը, որ սակայն աւելորդ ու անպէտք մահերէն մէկն է: Իրենց երկրի թշնամիները հալածած, ապա աւերակ երկիրը վերակառուցած, ու ժողովուրդին հանգիստ կեանք պարգեւած ղեկավարներու արձանները, նոյն ժողովուրդի յետնորդ սերունդները կրնան անարգել, տապալել ու փշուրներու վերածել: Ուրեմն, նոյնիսկ գլխաւոր հրապարակներու վրայ արձաններով »անմահանալը« անիմաստ ծախս պիտի համարուի որեւէ ազգի համար, առանց նկատի ունենալու արուեստագէտին ջանքերը, գուցէ նոյնիսկ մի քանի հազար տարիներ յետոյ…:
Ընտրէ՛ մեռնելու տեսակդ, եւ այս օրէն սկսեալ աւելի պիտի արժեւորուի աստուածապարգեւ կեանքդ…: