Կիրակի, 6 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Ռիչըրտ Հանինկի այցելութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին ներկայ էին Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան եւ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գաբրիէլ քհնյ. Նազարեան:
Վեհափառը ողջունեց եպիսկոպոսին սերտ յարաբերութիւնը հայ համայնքին հետ եւ անոր մասնակցութիւնը մեր եկեղեցւոյ կազմակերպած ձեռնարկներուն: Ապա, Արամ Ա. անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի յարաբերութեան: Նորին Սրբութիւնը յիշելով շուրջ երկու ամիս առաջ Վատիկան կատարած այցելութիւնը եւ ունեցած հանդիպումները Ֆրանսիս պապին եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ եւ շեշտեց, թէ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն մէջ ինք յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ, հետեւաբար, սպասելի է, որ այդ յարաբերութիւնը իր արտայայտութիւնը գտնէ տեղական մակարդակի վրայ:
Հենինկ եպիսկոպոսը, որ շուտով պիտի նշանակուի Պոսթընի արքեպիսկոպոս եւ հաւանաբար մօտ ապագային կարտինալի աստիճան ստանայ՝ գնահատանքով արտայայտուեցաւ հայ եկեղեցւոյ մասին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ թեմի առաջնորդ սրբազանին եւ ազգային առաջնորդարանին հետ սերտ կապեր կը մշակէ:
Արամ Ա. վեհափառը եւ իր շքախումբը, Փրաւիտընսէն ուղղուեցան ՍփրինկՖիլտ, ուր Ինտիըն Օրչըրտ շրջանին մէջ կը գործէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Կաթողիկոսին շքախումբին մաս կը կազմէին առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Արամ Սարաֆեան:
Վեհափառը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ քահանայ հօր եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ: Կատարուեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն, որմէ ետք Արամ Ա. իր հայրական խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երկրորդ անգամ ըլլալով կ՚այցելէ այս եկեղեցին: Ան յիշեց, որ Նիւ Եորք իր ուսանողութեան տարիներուն յաճախակի առիթներով այցելած է այս եկեղեցին եւ մատուցած Ս. եւ անմահ պատարագ: Ապա, վեհափառը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ համայնքին իւրայատուկ նկարագիրին՝ իբրեւ Աստուծոյ տունը, իսկ հաւատացեալները՝ իբրեւ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը: Հայրապետը թելադրեց, որ այս գիտակցութեամբ մասնակից պէտք է դառնանք եկեղեցւոյ կեանքին եւ վկայութեան:
Պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, ապա ճաշկերոյթ՝ ծխայիններուն մասնակցութեամբ:
Ճաշկերոյթին յաջորդաբար խօսք առին Սփրինկֆիլտի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պետրոս Ա. քհնյ. Շիթիլեան, թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Սարաֆեան եւ թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան:
Իր փակման օրհնութեան խօսքին մէջ վեհափառը անդրադարձաւ առաջնորդարան-ծուխ յարաբերութեան վերաբերող շարք մը երեւոյթներու՝ շեշտելով յարաբերութիւնը հետեւողական գործակցութեան վերածելու անհրաժեշտութիւնը: Ապա, ան իր խօսքը ուղղելով ներկայ համալսարանական երիտասարդներուն՝ ըսաւ, որ ուսումը հարկ է արժեւորել ծառայութեամբ եւ եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մասնակցութեամբ:
Յայտնենք, որ յաջորդ առաւօտ, հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հետ եւ ապա ուղղուեցաւ Ուսթըր (Worcester):
Երեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Արամ Ա. կաթողիկոսը իր շքախումբին հետ ժամանեց Ուսթըր, ուր դիմաւորուեցաւ հոգաբարձութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արտակ Ծ. վրդ. Արապեանի:
Վեհափառը Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի մուտք գործեց «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ. Այնտեղ հաւաքուած էին քաղաքի կաթոլիկ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսը եւ զանազան համայնքներու հոգեւոր հայրեր ու հաւատացեալներ:
Արարողութենէն ետք, առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան ողջոյնի խօսք ուղղեց վեհափառին՝ յիշելով, որ 1997ին ան այցելած էր այս եկեղեցին։ Սրբազանը ըսաւ, որ վստահաբար կաթողիկոսին այցելութիւնը պիտի դառնայ օրհնաբեր՝ շրջանի մեր ժողովուրդին համար:
Արամ Ա. առաջին հերթին ողջունեց օտար եկեղեցականներու ներկայութիւնը՝ զայն նկատելով միջեկեղեցական գործակցութեան շօշափելի արտայայտութիւն: Ան ըսաւ, որ թէեւ պատմութեան ընթացքին զանազան պատճառներով եկեղեցին բաժնուած է, սակայն եկեղեցւոյ ներքին միութիւնը մնացած է ամուր: Միջեկեղեցական շարժումին նպատակն է՝ գործակցութեան ճամբով եկեղեցւոյ միութեան տալ գործնական արտայայտութիւն:
Ապա, վեհափառը յայտնեց, որ մեր համայնքները կատարելիք իր այցելութիւններուն եւ պատգամներուն իբրեւ ընդհանուր բնաբար ընտրած է «Հայր մեր» աղօթքը, զոր պիտի մեկնաբանէ նախադասութիւն առ նախադասութիւն: Հայրապետը յայտնեց, որ մեր միւս գաղութները կատարած այցելութիւններուն ընթացքին ընդհանրապէս խօսած է աղօթքի կարեւորութեան եւ իմաստին մասին, իսկ այս անգամ որոշած է խօսիլ «Հայր մեր որ յերկինս ես» Տէրունական աղօթքին առաջին նախադասութեան մասին: Վեհափառը յիշեց, որ Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ գաղափարը զանազան կերպերով ըմբռնուած է մարդուն կողմէ. Քրիստոս եկաւ զԱստուած ներկայացնելու աշխարհին՝ իբրեւ բոլորին Հայրը: Ապա, կաթողիկոսը զԱստուած մեկնաբանեց իբրեւ սիրող, մխիթարող, ներող եւ գուրգուրացող Հայր: Քրիստոսի մարդեղութեամբ Աստուած իբրեւ Հայր մօտեցաւ մարդուն եւ երկինքը դարձաւ ներկայութիւն երկրի վրայ:
Իր խօսքի աւարտին, վեհափառը գնահատեց առաջնորդ սրբազանը, հոգեւոր հովիւ հայր սուրբը եւ եկեղեցւոյ պատասխանատուները:
Աջահամբոյրէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ի պատիւ վեհափառին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գողտրիկ յայտագիր մը:
Աւարտին, կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց հայր Արտակին նուիրեալ ծառայութեան եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին իր գործօն մասնակցութեամբ եկեղեցին պայծառացնելու:
Յաջորդ առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերին, վեհափառը Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ յաջորդաբար ընդունեց շրջանի Քոնկրեսի անդամները եւ քաղաքապետը, հանդիպումներ ունեցաւ հոգաբարձութեան եւ այլ մարմիններու հետ, ապա ուղղուեցաւ դէպի Պոսթըն:
Ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, Արամ Ա. այցելեց Ուայթընզվիլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Յայտնենք, որ նախքան եկեղեցի հասնիլը, կաթողիկոսը այցելեց ազգային գերեզմանատան մէջ, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն եւ առ ի գնահատանք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին բարձրացուած ապրիլեան յուշակոթողը: Այնտեղ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը՝ ներկայութեան Ուայթընզվիլէն ու Պոսթընէն ժամանած հայորդիներու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն: Արարողութեան ընթացքին կաթողիկոսը խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Մենք չենք մոռնար մեր ժողովուրդին դէմ կատարուած 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը՝ իրագործուած Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Ո՛չ միայն չենք մոռնար զայն, այլեւ արդարութիւն կը պահանջենք: Մենք չենք մոռնար, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս մահ ճաշակեցին, իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս կեանքով լեցուեցան. հոն անարդարութիւն տեսան, իսկ հոս՝ արդարութիւն. հոն հալածուեցան, իսկ հոս՝ սիրով ընդունուեցան: Մենք երախտապարտ ենք Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին, որ ընդունեց Ցեղասպանութեան վերապրողները եւ լայն կարելիութիւններ ընծայեց անոնց՝ վերակազմելու իրենց ընտանիքները եւ վերակազմակերպելու իրենց եկեղեցական ու համայնքային կեանքը: Այս յիշատակարանը անցեալը յիշելու հրաւէր է եւ միաժամանակ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ հայ ժողովուրդին կողմէ Միացեալ Նահանգներուն»:
Վեհափառը իր խօսքին մէջ նաեւ ընդգծելով՝ ըսաւ. «Այս առիթով, մեր բարձր գնահատանքը կ՛ուզենք յայտնել նախագահ Պայտընին, որ իմաստութիւնն ու քաջութիւնը ունեցաւ, առաջին անգամ ըլլալով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ, պաշտօնապէս ճանչնալու հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը»:
Ապա, կաթողիկոսը մեկնեցաւ եկեղեցի, ուր պատասխանատու մարմինները եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները զինք դիմաւորելու կը սպասէին: Եկեղեցական արարողութենէն եւ առաջնորդ սրբազան հօր ողջոյնի խօսքէն ետք, հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի Միքայէլ քհնյ. Տէր Խոսրովեանին եւ թեմի վարչութեան՝ անոնց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար: Կաթողիկոսը յայտնեց, թէ որոշած ըլլալով «Հայր մեր»ի մեկնաբանութիւնը կատարել տող առ տող, ծուխերուն տուած իր այցելութեան ընթացքին, խօսեցաւ «սուրբ եղիցի անուն քո» նախադասութեան մասին, յատկապէս վերլուծելով սրբութեան գաղափարը՝ զայն նկատելով ո՛չ միայն Աստուծոյ պատկանող երեւոյթ մը, այլ նաեւ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած շնորհք մը:
Արամ Ա.ի պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ ճաշկերոյթ մը, մասնակցութեամբ հաւատացեալներուն: Ճաշկերոյթին ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին առաջնորդ սրբազանը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Ազգային վարչութեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետները: Անոնք ողջունեցին կաթողիկոսին օրհնաբեր այցելութիւնը:
Իր փակման օրհնութեան խօսքին մէջ վեհափառ առիթ տուաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու իրեն՝ մեր ազգին, գաղութին եւ եկեղեցւոյ վերաբերող հարցերու շուրջ:
Հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» օրհներգով եւ «Ի Վեհ Բարձանց» հայրապետական մաղթերգով:
Հուսկ, վեհափառը ուղղուեցաւ Պոսթըն: