28 Սեպտեմբերին, Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան հովանաւորութեամբ ու Հայաստանի «Տնտեսական լրագրողներու ակումբ»ին կողմէ սփիւռքահայ լրագրող-յօդուածագիրներու համար յայտարարուած՝ «Հանքարդիւնաբերութիւն. Աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ» եւ «Հանքարդիւնաբերութիւն. կայուն զարգացում, բնապահպանական ընկերային կառավարչական խնդիրներ» նիւթերով լրագրական եւ հետազօտական նիւթերու մրցոյթի արդիւնքներուն ամփոփումը եւ մրցանակաբաշխութիւնը։
Մրցոյթին յանձնաժողովի կազմին կողմէ գնահատուած եւ յաղթող ճանչցուած նիւթերը յայտարարուեցան Հայաստանի հանքարդիւնաբերական ներուժի բացայայտման գծով, ոլորտի առաջատար խօսնակներ միաւորող երկօրեայ միջազգային Mining Armenia Forum համաժողովի ծիրին մէջ, որ տեղի ունեցաւ 26էն 27 Սեպտեմբերին, Ծաղկաձորի մէջ։
Յաղթողներուն հանդիսաւորութեամբ յանձնուեցան հաւաստագիրներ եւ դրամական պարգեւներ։
Մրցանակաբաշխութեան տեսանիւթը կարելի է դիտել յղումով:
Ստորեւ՝ յայտարարուած մրցոյթին առաջին երեք տեղերը գրաւած մասնակցողներուն նիւթերը.
1.Վիգէն Աբրահամեան եւ Լոռի Մանուկեան (Armenian Mirror Spectator)` «Հանքարդիւնաբերութիւն. Խնդիրներ Ու Մարտահրաւէրներ»․
2. Սագօ Արեան (Arevelk.am)՝ «Հայաստան. Հանքարդիւնաբերութեան Նոր Մեթոտներ. Հարցազրոյց՝ «Զանգեզուրի Պղնձամոլիբթենի Կոմպինաթ»ի Տնօրէնի Տեղակալ Վարդան Ջհանեանի հետ»․
3․ Տիգրան Գաբոյեան («Ժամանակ»)՝ «Հանքարդիւնաբերութիւն Հարցեր Ու Մարտահրաւէրներ»։
Նոյնպիսի մրցոյթ մը յայտարարուած էր նաեւ հայաստանեան մամուլի էջերուն մէջ լոյս տեսած լրագրական եւ հետազօտական նիւթերու համար. յաղթող ճանչցուած նիւթերը շահեկան նկատելով՝ զանոնք կը ներկայացնենք ստորեւ.
1․ Գայանէ Խաչատրեան («Ֆակտոր»)՝ «Կամ Կենդանի Դուրս Կը Գանք, Կամ՝ Ոչ․ Ինչո՞ւ Են Հանքափորները Մահանում Ոսկու Հանքերում»․
2․ Անի Օհանեան (Հ1)՝ «Երեւանի Հանքերի Բնապահպանական Վնասն Ու Դրա Տնտեսական Բաղադրիչը»․
3․Ալիսա Չիլինգարեան (iravaban.net)՝ «Հանքարդիւնաբերութիւնը Եւ ՏՏ Ոլորտը՝ ՀՀ Տնտեսութիւնում․ Հայաստանը Չի Կարող Իրեն Թոյլ Տալ Հրաժարուել Հանքարդիւնաբերութիւնից»․
4. Լիա Սարգսեան («Հրապարակ»)՝ «Հայկական ՀԿի «Օգնութեամբ» Ադրբեջանում Շարժում Է Սկսւում Հայաստանի Դէմ»։