Թուրքիոյ մէջ գործող ձայնասփիւռի կայանի մը գործունէութիւնը կասեցուեցաւ՝ եթերէն հնչած Հայոց Ցեղասպանութիւն բառերուն համար:
Թուրքիոյ զանգուածային լրատուամիջոցները կարգաւորող գերատեսչութիւնը առկախեց Պոլսոյ մէջ գործող կայանին հեռարձակման արտօնագիրը՝ այդ լրատուամիջոցի եթերէն հիւրին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին արտայայտած խօսքին համար: Կը նշուի, որ լրատուամիջոցին զրուցակիցը օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, զոր Թուրքիա պաշտօնապէս կը մերժէ:
«Հեռարձակման 30ամեակին միայն մէկ ամիս մնացած է, եւ այս լուրը վերջին հարուածն է Թուրքիոյ մէջ խօսքի եւ լրատուամիջոցներու ազատութեան», յայտարարեց Acik Radyo-ի խմբագրական կազմը:
Աւելի կանուխ, Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի ոլորտին հսկող RTUK-ը հինգ օրով հեռարձակումէ զրկած էր Acik Radyo-ն՝ նոյն՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն յայտարարութիւնը որակելով «ատելութեան հրահրում»:
Գերատեսչութիւնը լրատուամիջոցին գործունէութիւնը արգիլեց՝ պնդելով, որ ձայնասփիւռի կայանը ոչ մէկ ձեւով փորձեց «ուղղել հիւրին խօսքերը, որոնք ատելութիւն եւ թշնամանք կը հրահրեն»:
«Արտօնագիրի չեղարկումը, անկախ պատճառէն, միանշանակ փորձ է լռեցնելու հանրային ձայնը», յայտարարեց Acik Radyo-ի համահիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Օմեր Մատրան: