«Ապառաժ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Արցախի խորհրդարանի պատգամաւոր, պատմաբան Վահրամ Բալայեան դիտել տուաւ, որ, հակառակ անոր որ Հայաստանի իշխանութիւնները անընդհատ կը խօսին խաղաղութեան օրակարգին մասին, այնուամենայնիւ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը շարունակէ հետամուտ ըլլալ իր ծրագիրներու իրագործման, այն է՝ հայկական պետականութեան վերացումը: «Սա Թուրքիայի վաղեմի ծրագիրն է, որը միջին դարերից սկսած փորձում է իրականութիւն դարձնել ոչ միայն Արեւմտեան Հայաստանի, այլ նաեւ Արեւելեան Հայաստանի նկատմամբ: Աշխարհաքաղաքական զարգացումները, նաեւ ՀՀ իշխանութիւնների ներկայ վարքագիծը նրանց մղում է աւելի գործնական քայլերով դա իրականութիւն դարձնել», շեշտեց ան:
Վերջերս, Հայաստանի իշխանութիւնները յաճախ կը խօսին այն մասին, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան արդէն 13 կէտեր համաձայնեցուցած են, մօտ են Խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան, իսկ մնացեալ կէտերուն քննարկումը կը կատարեն հետագային: Սակայն, Ատրպէյճանի նախագահին մօտ այդ պատրաստակամութիւնը չի նկատուիր. անիկա չերեւցաւ նաեւ վերջերս Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
«Ադրբեջանն ամէնօրեայ ռեժիմով (դրութեամբ) բանակը զինում եւ ապա Հայաստանին մեղադրում՝ իբր ապագայ սադրանքների համար: Այս իրավիճակում ի՞նչ սպասել», հարցուց «Ապառաժ»ի լրագրողը. «Ի հարկէ, Ադրբեջանի պահանջներն անսահման են եւ նրանք նոր զիջում ստանալուց յետոյ նոր պահանջներ են ներկայացնում: Նաեւ տարբեր ճնշումներ են գործադրում, որ ՀՀ իշխանութիւնները պէտք է ներողութիւն խնդրեն այն ամէնի համար, որ իբր կատարուել է Ադրբեջանի նկատմամբ, կամ Արցախի ռազմական եւ քաղաքական ղեկավարութեանը Բաքւում պահելու ժամկէտներն են երկարացնում, նաեւ լուրջ մեղադրանքներ առաջադրում, այսպէս փորձում են Հայաստանի վրայ ճնշումները մեծացնել եւ նրանց նպատակն է տարածքային նոր պահանջներ ներկայացնել Հայաստանին», պատասխանեց Բալայեան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճան իբրեւ պետութիւն ձեւաւորուած է 20րդ դարու սկիզբները՝ 1918ին, Թուրքիոյ անմիջական ծրագիրով եւ նախաձեռնութեամբ եւ այժմ անհեթեթութիւն է խօսիլ պատմական Հայաստանի տարածքներուն մասին: Խաղաղութեան օրակարգը խաբկանք է. Ատրպէյճան պիտի շարունակէ իր պահանջները ներկայացնել մինչեւ չհանդիպի լուրջ դիմադրութեան: