Միացեալ Նահանգներ տուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան առաջին փոխնախարար, Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօր. Էդուարդ Ասրեան 16 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու ղեկավար մարմիններու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ զօր. Չարլզ Պրաունի հետ:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական վարչութեան՝ քննարկուեցան երկու կողմերուն հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Երկուստեք նշուեցաւ, որ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը կը զարգանայ:
Ամերիկեան կողմը նշեց, որ պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի բանակին կերպարանափոխման եւ բարեփոխումներու ընթացքին:
Քննարկուեցան եւ կարեւոր նկատուեցան միացեալ նախաձեռնութիւններու շարունակութիւնը, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող շարք մը հարցերու:
Զօր. Ասրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ կը մասնակցի Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքերու կազմակերպութեան սպառազինութիւններու տարեկան ցուցահանդէսին: Այցելութեան ծիրին մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանական ապահովութեան հարցերու գծով համագործակցութեան գործակալութեան տնօրէն Մայք Միլըրի, Միացեալ Նահանգներու բանակի ապահովութեան աջակցութեան հրամանատարութեան հրամանատար, ջոկատի զօրավար Ալէն Փեփըրի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան քարտուղարի միջազգային ապահովական հարցերու տեղակալ, պաշտպանական քաղաքականութեան գրասենեակի տնօրէն Թրեսա Կուենովի հետ: