Պաքու դարձեալ թուարկեց այն «հիմնական խոչընդոտները», որոնք կան Երեւանի հետ խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ՝ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, Ֆրանսայի եւ արեւմտեան այլ երկիրներու կողմէ «Հայաստանի զինումը»: «Newsweek»ի մէջ ստորագրած իր յօդուածին մէջ այս մասին կը խօսի Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
Ան Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին անդրադարձած է COP29-ի ծիրին մէջ՝ պնդելով, որ Պաքու ոչ միայն կլիմայի ճգնաժամը մեղմացնելու, այլ նաեւ դրացի Հայաստանի հետ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ ջանքեր կը թափէ:
«Այդուհանդերձ, մեր ճամբուն վրայ հիմնական խոչընդոտները կը շարունակեն մնալ: Առաջինը Հայաստանի Սահմանադրութիւնն է», կ՛ըսէ Հաճիեւ՝ դարձեալ պնդելով, որ Հայաստանի Մայր օրէնքը Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջներ կը պարունակէ: Երկրորդ՝ մեզ կը մտահոգէ նաեւ Ֆրանսայի եւ արեւմտեան այլ երկիրներու կողմէ Հայաստանի աշխոյժ զինումը, որ կը ծառայէ ոչ թէ խաղաղութեան, այլ զաւթողականութեան վերածնունդին», իր յօդուածին մէջ կը պնդէ Հաճիեւ: