Ատրպէյճան անընդունելի կը նկատէ Հայաստանի առաջարկը` կնքելու խաղաղութեան համաձայնագիր, որուն մէջ տակաւին քանի մը կարեւոր յօդուածներու շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած: Այս մասին «Պերլինըր Ցայթունկ»ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:
Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ Պաքու ինչպէ՞ս կը վերաբերի այն յայտարարութեան հետ, թէ Հայաստան պատրաստ է նոյնիսկ վաղը խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու Ատրպէյճանի հետ՝ ընդգծեց, որ կը կասկածի այս յայտարարութեան անկեղծութեան:
«Նոյնիսկ վաղը անաւարտ, կիսատ համաձայնագիրի ստորագրութեան առաջարկը ոչ միայն անիրատեսական է եւ անընդունելի, այլ նաեւ ապակողմնորոշող: Կողմերը տակաւին պէտք է համաձայնութիւն գոյացնեն համաձայնագիրի նախագիծի քանի մը կարեւոր կէտերուն շուրջ, որոնք բաց են, առանց որոնց փաստաթուղթը պիտի ըլլայ կոպիտ ու թերի», ըսաւ ան։
Ամիրպեքովի համաձայն՝ խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ հիմնական խոչընդոտը «Հայաստանի տակաւին գոյութիւն ունեցող տարածքային պահանջներն են Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած գերիշխան տարածքին նկատմամբ` արտացոլուած Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ», եւ «այս հիմնական խնդիրը անտեսելը համազօր է սենեակին մէջ գտնուող փիղը չնկատելուն»:
«Հայաստանը կ՛ուզէ մոլորութեան մէջ ձգել միջազգային ընտանիքը` ստեղծելով սխալ տպաւորութիւն, թէ իբր թէ կառուցողականօրէն ներգրաւուած է խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ, սակայն իրականութեան մէջ` ժամանակը կը ձգձգէ եւ խաղաղութեան հոլովոյթը կը տանի դէպի փակուղի: Ակնյայտ է, ինքնին Հայաստանը սկսաւ անսահմանափակ քանակով դիւանագիտական, տնտեսական եւ ռազմական օգնութիւն ստանալ Արեւմուտքէն, ներառեալ Եւրոպական Միութենէն, Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութեան անդամ առանձին երկիրներ: Անիկա կորսնցուց բանակցութիւններուն կառուցողականօրէն մասնակցելու բոլոր հետաքրքրութիւնները, եւ կարծես թէ, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնիլը այլեւս անոր համար առաջնահերթութիւն չէ», ընդգծեց ան:
Ամիրպեքով՝ պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ արդիւնքի հասնիլը արագացնելու համար կողմերը համաձայնա՞ծ են «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման հարցը դուրս բերելու խաղաղութեան համաձայնագիրի ծիրէն, եւ արդեօք կարելի՞ է նոյն ձեւով յետաձգել Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնները խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք՝ ան ըսաւ. «Բացարձակապէս սխալ է զուգահեռ ստեղծել այս երկու հարցերուն միջեւ, որովհետեւ անոնք բոլորովին տարբեր են իրենց կարեւորութեամբ` կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Եթէ Սահմանադրութիւնը ձգենք ներկայ տեսքով, ապա խաղաղութեան համաձայնագիրը կարճատեւ պիտի ըլլայ, որովհետեւ Հայաստանի ոեւէ նոր ղեկավարութիւն, որ դէմ է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան, պարզապէս պիտի ջնջէ զայն` պատճառաբանելով համաձայնագիրի անհամապատասխանութիւնը բարձրագոյն իրաւական ուժ ունեցող սահմանադրութեան: Այսինքն` Ատրպէյճանը կ՛ուզէ խաղաղութիւն կնքել ոչ թէ վարչապետ Փաշինեանի, այլ Հայաստանի հետ», շեշտեց ան:
Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք»ին, ապա Ատրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչը աւելցուց, որ Պաքուն տակաւին մեծ նշանակութիւն կու տայ անոր բացման: