Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, խօսելով Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման մասին՝ յայտնեց, որ պէտք է գտնել փոխընդունելի լուծում մը, որուն թեր պիտի ըլլան թէ՛ Երեւան եւ թէ Պաքու։ Ան շեշտեց, որ ապաշրջափակումէն պիտի շահի ամբողջ տարածաշրջանը:
«Նաեւ կ՛ուզեմ յիշեցնել Ռուսիոյ փոխվարչապետ, Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահ Ալեքսէյ Օվերչուքի` տուեալ հարցին շուրջ մեկնաբանութիւնը, որ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ երթեւեկի միջանցքներու ապաշրջափակումը կարելի է միայն Ռուսիոյ մասնակցութեամբ», յայտնեց Զախարովա։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.