Իսրայէլեան ուժերը Հինգշաբթի օր, հիւսիսային Կազայի մէջ շարք մը յարձակումներ կատարեցին, որոնցմէ երկուքին թիրախը դպրոց մը եւ հիւանդանոց մըն էին, սպաննելով առնուազն 34 քաղաքայիններ եւ վիրաւորելով տասնեակներով ուրիշներ։
Վերջին քանի մը շաբաթներուն, հիւսիսային Գազայի վրայ կեդրոնացած իսրայէլեան յարձակումները ցարդ մօտաւորապէս 800 զոհ խլած են։
Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը ձեռնարկեց հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքին վրայ իրերայաջորդ յարձակումներու՝ քանդելով 17 բնակարանային շէնքեր:
Իսրայէլեան օդուժը շարունակեց ռմբակոծել Պէյրութի հարաւային արուարձանները:
«Անցնող երկու օրերուն ընթացքին, «Հըզպալլա»էն 70 զինեալներ, ներառեալ՝ Ժըպշիթ, Ժուայա եւ Կանա շրջաններու հրամանատարները ոչնչացուցինք», պնդեց իսրայէլեան բանակը:
«Կրնամ հաստատել երեք շաբաթ առաջ բանակի «Հըզպալլա»ի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի եւ հետախուզութեան հրամանատար Ալի Հիւսէյն Հազիմէի՝ կուսակցութենէն այլ ղեկավարներու կողքին ոչնչացման լուրը», յայտարարեց իսրայէլեան բանակի բանբերը:
«Հըզպալլա»ն յայտարարեց, որ Սաֆէտտին նահատակուած է:
Մինչ իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թել Աւիւի հրթիռակոծումը «Հըզպալլա»ի համար սովորական դարձաւ, կուսակցութիւնը դարձեալ հրթիռակոծեց Թել Աւիւի արուարձանին մէջ գտնուող զինուորական հետախուզութեան թիւ 8200 միաւորի ռազմակայանը:
Լիբանանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենան «Հըզպալլա»ի եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բուռն բախումներ: