
ՃԷՔ ԽՈՐԷՆ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 16 Օգոստոս 1941ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Ճէք Ուզունեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2024ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր 2024ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Հերմինէ Ուզունեան
Դուստրը՝ Էլիզա եւ Շահան Թնճուկեան
Դուստրը՝ Ռամելա եւ Մայքըլ Պիր
Թոռները՝ Շանթ Թնճուկեան
Թալին Թնճուկեան
Ճէյմզ Պիր
Եւ համայն Ուզունեան ընտանքիները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կամ Ֆերահեան Ազգային վարժարանին (Holy Martyrs Armenian Apostolic Church or Ferrahian School, 5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316):
ՃԷՔ ԽՈՐԷՆ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի կնոջ՝ Հերմինէ Ուզունեանին, եւ ընտանեկան պարագաներուն: Հանգուցեալի յիշատակին՝ լոնտոնաբնակ տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սէլլա Թնճուկեանները Համազգայինի «Սթամպոլեան Ընտանիք» կեդրոնի գնման նպատակին համար կատարեցին 10,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը։