
Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի մանկութեան մասին պատմող շարժանկարին (animatied film) բեմադրիչը՝ Քամուրան Այնան, խօսեցաւ Եւրոպայի մէջ ժապաւէնին ցուցադրութեան վերաբերող հարցերուն մասին։
Թրքական «Ճումհուրիէթ»ին հետ զրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, որ Եւրոպայի մէջ «Մուսաթաֆա» ժապաւէնի ցուցադրութենէն երկու օր առաջ ժապաւէնի սրահներու ղեկավարները հրաժարեցան ցուցադրել ժապաւէնը՝ առանց հիմնաւոր պատճառներու:
Ան պնդեց, որ, ըստ իր ունեցած տեղեկութիւններուն, Եւրոպայի մէջ ուժեղ դիրքեր գրաւող հայկական լոպին կրցած է կասեցնել ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Եւրոպայի մէջ: Ան նշեց, թէ ներկայիս, աշխատանքներ կը տարուին դարձեալ թոյլտուութիւն ստանալու եւ ժապաւէնը Եւրոպայի մէջ ցուցադրելու համար, եւ թէ իրենք մօտեցած են յաջողութեան: