Յարգելի գրող,
Արդէն մի քանի ամիս է Հայաստանում շրջանառւում է ստեղծագործական միութիւնների, հասարակական կազմակերպութիւնների եւ այլ միաւորումների անշարժ գոյքի՝ ՀՀ դատախազութեան կողմից սեփականութեան իրաւունքի վիճարկման եւ պետականացման հարցը։ Դատախազութիւնն արդէն դիմել է ՀՀ վարչական դատարան, եւ այդ շրջանակում դիտարկւում է նաեւ ՀԳՄ անշարժ գոյքի խնդիրը։
ՀԳՄ կայքում, սոցցանցերում (ընկերային ցանցերում), զանգուածային լրատուութեան միջոցներով մենք բազմիցս ներկայացրել ենք մեր կարծիքը, վրդովմունքը եւ վերաբերմունքը այդ հարցի շուրջ։ Ըստ մեր փաստաբանների՝ ՀԳՄ շէնքերը երբեք պետական գրանցում չեն ունեցել։ Դրանց պահպանման հարցերը միշտ էլ հոգացել է գրական կազմակերպութիւնը։
Յարգելի գրող, դուք, որպէս ՀԳՄ անդամ եւ պատուաւոր անդամ, այդ սեփականութեան շահառուն էք։ Դա նաեւ ձեր տունն է։ Եւ մենք պարտաւոր ենք ձեզ ներկայացնել իրողութիւնը։ Ձեզանից ոմանք արդէն բարձրացրել են իրենց ձայնը եւ, կարծում ենք, իւրաքանչիւրդ հնարաւորինս կարող է մասնակցել այդ կարեւորագոյն, սեփականութեան իրաւունքի պաշտպանութեանը՝ ձեր առաջարկութիւններով, ելոյթներով սոցցանցերում, լրատուութեան միջոցներով, ինչպէս ձեր երկրում, այնպէս էլ Հայաստանի Հանրապետութիւնում։
Պատշաճ է, որ նման հարցով դիմէք ձեր երկրի ղեկավարին, իրաւաբաններին, հասարակական կազմակերպութիւններին եւ Հայաստանում գտնուող ձեր երկրների դեսպաններին։
Բոլորիս ցանկանում ենք յաջողութիւն՝ ի նպաստ հայ մշակոյթի եւ հայ գրականութեան զարգացման՝ Սփիւռքում եւ Հայաստանում։
ՀԳՄ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆ»
Սիրելի ընթերցող

Սոյն նամակ-կոչը Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Մելիտոնեանին կողմէ ուղարկուած է Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ գործող իր բոլոր անդամներուն անխտիր: Անասելի պոռթկումով կարդացի հոն յայտնուած ցնցիչ լուրը եւ պահ մը աչքերուս չհաւատացի: Ի՜նչքան որ հասկացանք, հայրենիքէն ներս գործող միութիւններու անշարժ գոյքերը, իմա՝ անոնց կալուածները պիտի գրաւուին ու սեփականացուին պետութեան կողմէ: Մի գուցէ, յետագային վա՞րձք գանձելու համար ենթականերէն, կամ ալ… բարձր գիներով վաճառելու համար զանոնք:
Գրողներու միութեան պարագային, խնդրոյ առարկայ են՝ միութեան Երեւանի գլխաւոր շէնքը եւ Ծաղկաձորի ու Սեւանի հանգստեան տուները: ՀԳՄի «կոչ»ին մէջ յստակ չի յիշուիր, թէ որոնք են առաջ քշուած պատճառները, զորս դատախազութիւնը կը մղեն առնելու այդպիսի խոժոռ քայլ մը, զրկելով հէգ գրողները նուազագոյն հանգիստէն ու հաճոյքէն, զոր կոչուած են սեփական հաւաքատեղին ու հանգստեան տունը պարգեւելու անոնց:
Թող ներողամիտ ըլլան, եթէ առնուած քայլին յստակ բացատրութեան չգոյութեամբ, տարուինք յոռեգոյնը մտածելէ, թէ ՀԳՄի ղեկավարութիւնը գուցէ յանկարծ ելլէ վաճառէ իր անուան տակ եղող կալուածները ու գոյացած հսկայական գումարը յափշտակելով, շունչը Ամերիկայի ի մեղքի քաղաք՝ Լաս Վեկաս առնէ, հոն հանրատուներու մէջ եւ խումարի սեղաններու ետին մսխելու համար իր ձեռք բերած աւարն ու հարստութիւնը:
Կամ ալ՝ լաւագոյն պարագային, գոյքերէն գոյացած գումարները տանին ընդդիմադրութեան ու Բագրատ սրբազանին ափը դնեն, որպէսզի այս վերջինները ուժգին հարուած մը իջեցնեն ներկայ իշխանութիւններու գլխուն, որ կորին երթան ու այլեւս չհամարձակին, արդարադատութեան անունով խեղճ գրողները զրկել նուազագոյնէն:
Կը ներէ՝ք, մարդուս ծիծաղիլը կու գայ, երբ ստիպուած է այսպիսի «ապսիւրտ», անհեթեթութիւն բուրող, անիմաստ որոշումներ դիմագրաւել ու անոնց գործադրութեան ականատես ըլլալ: Ի՜նչու դադրած ենք խելահաս, հասուն մարդոց նման տրամաբանութեամբ ու առարկայականութեամբ մտածելէ ու գործելէ…
Երկրագունդի չորս ծագերուն՝ կոտորած ու քանդում, իսկ մեր սիրելի հայրենիքէն ներս՝ պետական մաշտապով մերկացում, անտէր գրողին ու արուեստագէտին:
Խոստովանիմ՝ երբ ՀԳՄի ել. նամակը ստացայ, կարծեցի, թէ մեր անտիպներուն հրատարակութեան բարի լուրն է որ կը փոխանցէ միութեան հէգ նախագահը: Փոխարէնը՝ կարծէք գոյժ էր հաղորդածը…
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ