30 Հոկտեմբերին, Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ Երեւան եւ Պաքու այժմ կը բանակցին խաղաղութեան պայմանագիրին չհամաձայնեցուած դրութիւններու համաձայնեցման շուրջ։
Երկու երկիրներու ղեկավարներուն վերջին` Քազանի բանակցութիւններէն ետք յստակ չդարձաւ, թէ արդեօք բանակցութիւն ծաւալա՞ծ է այս գծով։ Յարութիւնեան եւս մանրամասնութիւններ չյայտնեց, բայց պատասխանեց «Ազատութեան» հարցումին, թէ կարելիութիւն կա՞յ ամբողջութեամբ համաձայնեցնել չհամաձայնեցուած կէտերը` փաստաթուղթը ստորագրելու համար. «Մենք նման հնարաւորութիւններ տեսնում ենք», յայտնեց ան:
«Քննարկումներն եղել են տետատետ (գլուխ գլխի՝ առանձին) ու պատուիրակութիւններով: Մենք տեսնում ենք խաղաղութեան պայմանագրի չհամաձայնեցուած կէտերը համաձայնեցնելու հնարաւորութիւն: Ցանկացած խաղաղութեան պայմանագիր կամ համաձայնագիր լաւ է, երբ կան փոխզիջումներ», նշեց Յարութիւնեան, ըստ որուն, կողմերը կ՛աշխատին նախագիծին վրայ, անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ չեն բացառեր դէմ առ դէմ բանակցութիւնները:
«Մենք բոլոր նման հանդիպումները դրական ենք գնահատում երկխօսութեան առումով ու միտուած ենք նրան, որ առաջիկայում այն գործընթացներն ու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն իրականութիւն կը դառնայ», ըսաւ Յարութիւնեան:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ կը նախատեսուի Թուրքիոյ շարք մը լրատուամիջոցներու այցելութիւնը Հայաստան, ուր նաեւ պիտի քննարկուի «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը։
«Մենք մեր կողմից «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի նախագծի գաղափարի առաջխաղացմանն ենք աջակցում: Եւ ինչպէս արդէն նշեցի, մենք ունեցել ենք համաժողովներ: Այս տարի կամ յաջորդ տարուայ սկզբին նախատեսում ենք ամբողջ տարածաշրջանից տարբեր փորձագիտական կենտրոնների ներկայացուցչիների հաւաք Հայաստանում: Ուզում եմ տեղեկացնել, որ թէպէտ բուն թեման «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը չի լինելու, բայց նաեւ դա է արծարծուելու: Առաջիկայում մենք ունենալու ենք իրանցի մեր գործընկերների այց Հայաստան, 4օրեայ փորձագիտական այց, որտեղ նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ն է քննարկուելու: Նախատեսում ենք նաեւ Թուրքիայի մի շարք լրատուամիջոցների ներկայացուցիչների այց, որտեղ նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը կը ներկայացուի», յայտնեց Յարութիւնեան։
ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԶԻՋՈՒՄ ԿԸ ՏԵՍՆԷ
Բանակցուող փաստաթուղթի բովանդակութեան ծանօթանալու կարելիութենէ զրկուած ընդդիմութիւնը մտահոգ է, որ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները այժմ կ՛ընթանան երեք չհամաձայնեցուած կէտերու շուրջ, որոնց բովանդակութիւնը չէ գաղտնազերծուած: Այն երեւոյթը, որ իշխանութիւնը չի պնդեր համաձայնեցուած պայմանագիրը ստորագրելու իր առաջարկին վրայ եւ փաստօրէն Պաքուի պայմաններով կը շարժի, ըստ պատգամաւոր Աննա Գրիգորեանի, իշխանութեան սովորական դարձած զիջումն է:
«Նիկոլ Փաշինեանն ասում էր` ինչքանը որ համաձայնեցրել ենք, եկէք դա ստորագրենք: Ալիեւն ասում էր` մինչեւ բոլորը չհամաձայնեցնենք, որեւէ փաստաթուղթ չենք ստորագրելու, իսկ այդ երեք կէտերը նախ չգիտենք, բայց ենթադրաբար այնպիսի մեծ ռիսկեր (վտանգներ) են պարունակում մեր երկրի համար, որոնք, բնականաբար, թոյլ չեն տալիս ընդհանուր համաձայնեցման գալ, բայց սա հերթական անգամ այս իշխանութիւնների կողմից կատարուած զիջումն էր», ըսաւ Գրիգորեան, որ նկատել տուաւ, թէ Պաքուի պարտադրանքով Երեւան սահմանազատման գործընթացը առանձնացուց խաղաղութեան պայմանագիրէն եւ վերադարձուց Տաւուշի հատուածի չորս գիւղերը, Երեւան համաձայնեցաւ ուղիղ առանց միջնորդներու բանակցութիւններուն, հրաժարեցաւ երաշխաւորի կառոյցէն, խօսք չկայ նաեւ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի մասին: Հակառակ այս բոլորին, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը տակաւին փոխզիջումներու մասին կը խօսի:
«Ցանկացած խաղաղութեան պայմանագիր եւ համաձայնագիր լաւ է, երբ կան փոխզիջումներ: Երբ զիջումներ են լինում, դրանք արդիւնաւէտ չեն լինում», յայտնեց Գրիգորեան։
Ան Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացէն չի յիշեր դրուագ մը, որ զիջողը Պաքուն ըլլայ: Իսկ այժմ, երբ մէկուկէս տարի մնացած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Հայաստանի իշխանութիւնը, ըստ Գրիգորեանի, մէկ նպատակ ունի. «Ստանալ Ալիեւից մի թուղթ, որը կարող է ցոյց տալ ժողովրդին ու ասել` «Տեսէք, ես խօսք էի տուել խաղաղութիւն, թղթի վրայ գրուած է խաղաղութեան», եւ այդ լօզունգով գնալ սեփական վերարտադրութիւնն ապահովելու ճանապարհով»: