Մշակոյթ՝ ընկերային յառաջընթացի, կլիմայի պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարութեան համար: Մշակոյթը՝ իբրեւ մարդու արտայայտութեան հիմնարար միջոց, անխուսափելիօրէն կ՛ազդէ հասարակութիւններու հիւսուածքին եւ, հետեւաբար, նաեւ անոնց ապագային վրայ: Մշակոյթը պերճանք չէ, այլ անհրաժեշտութիւն՝ կերտելու յարակցական, հաւասար, կայուն եւ ազատ հասարակութիւններ, եւ, հետեւաբար, աւելի առողջ ապագայ մը:
Մշակոյթը չի յաւակնիր ըլլալ բոլոր հարցերուն միակ կամ արագ լուծումը, սակայն, մեր առջեւ ծառացած այսօրուան հիմնահարցերէն ո՛չ մէկը կարելի է քննական հայեացքով վերլուծել՝ առանց մշակութային հէնքին: Ժողովրդավարական մղումներուն հանդէպ սպառնալիքները, կենսոլորտի աղէտը, թուային թեքնաբանութեան մարտահրաւէրները, աճող անհաւասարութիւնները եւ նոյնիսկ պատերազմները, բոլորն ալ խոր մշակութային փոխկապակցութիւններ ունին:
Ի տարբերութիւն զուտ գործնապաշտ եւ կարճաժամկէտ ռազմավարութիւններուն, որոնք կը մշակուին եւ կ՛որդեգրուին ի դէմս աշխարհի դիմագրաւած ճգնաժամերուն եւ սրընթաց փոփոխութիւններուն, մշակոյթին ունեցած ազդեցութիւնը աւելի խորքային է, համապարփակ եւ ոչ անմիջապէս չափելի։ Մշակութային ոլորտը եզակի խթան է քննական մտածողութեան զարգացումին, բազմակարծութեան, հասարակական վերափոխումին եւ քաղաքացիական ներգրաւուածութեան: Այսպիսով, անիկա կենսական նշանակութիւն մը ունի յառաջդիմութեան եւ զարգացումին համար:
Հայերը միշտ եղած են մշակութային փոխանակումի եւ բազմազանութեան տարբեր հատումներու եւ խաչմերուկներու վրայ: «Արդ եւս/in view» ծրագիրը կ՛արժեւորէ այս բազմազանութիւնը եւ կը միտի նպաստելու անոր՝ ստեղծելով բազմաձայնութիւնը լսելի դարձնելու նախադրեալներ, եւ փոխադրելու այս տարատեսակ ու բազմամշակոյթ փորձառութիւնները դէպի լեզու, դէպի արեւմտահայերէ՛ն։ Վերջինս, որպէս լեզուի զարգացման մղիչ ուժ, լեզուն կը դարձնէ աւելի կենսունակ ու կ՛ապահովէ անոր տեղը իբրեւ աշխարհի լեզու. կ՛օգնէ որ այս նորարար մշակոյթը սպառողներուն քաղաքացիական յանձնառութիւնը հարստանայ, անոնց դիմակայութիւնը զարգանայ եւ առկայ մարտահրաւէրներուն ստեղծագործ լուծումներ գտնուին։
Այս նպաստի ծրագիրով եւ մշակոյթի ուժով կը ձգտինք ստեղծելու հայկական նոր պատումներ որոնք հիմնուած ըլլան ստեղծագործութեան, մարդկային արժանապատւութեան, զօրակցութեան եւ համամարդկային արժէքներու վրայ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել gulbenkian.pt/en/apoios-lista/%d5%a1%d6%80%d5%a4-%d5%a5%d6%82%d5%bd-in-view կայքէջը։
(Հաղորդագրութիւնը՝ «Կիւլպէնկեան»էն)