ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Վերջերս գաղտնազերծուած փաստաթուղթեր բացայայտեցին, թէ «Էֆ.Պի.Այ»ի նախկին ղեկավար Ճէյ. Էտկըր Հուվըր Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան համար հաւանական վտանգ ներկայացնող 12 հազար ամերիկացի ձերբակալելու ծրագիր մը ունէր։ «Նիւ Եորք թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հուվըր իր այս առաջարկը ուղարկած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Հերի Թրումընի՝ 1950 թուականին քորէական պատերազմի սկսելէն անմիջապէս առաջ։ Հուվըր նախագահէն խնդրած է «դաւաճանութեան, լրտեսութեան եւ խափանարարութեան» դէմ դնելու համար հարկ եղած զանգուածային ձերբակալութիւնները կատարելու հրահանգները արձակել։ Ան կը մտադրէր կասկածելիները արգելափակել ամերիկեան զինուորական եւ դաշնակցային բանտերու մէջ։ Կասկածելիներու անուններու ցանկը հաւաքուած էր տարիներու ընթացքին։