Մոլտովայի նախագահ Մայա Սանտու նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին յաղթանակ կրցաւ արձանագրել, կը կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»ն:
Սանտու հաւաքեց քուէներուն 55 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակիցը՝ ռուսամէտ Ալեքսանտր Սթոյանոկլօ` 45 առ հարիւրը:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լէյեն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ շարք մը ուրիշներ շնորհաւորեցին Սանտուն, իսկ Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք յայտնեց, որ ներկայ նախագահը կրցած է յաղթել «Մոսկուայի նախասիրածին»` հակառակ «նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսիոյ յարձակողական եւ լայնածաւալ միջամտութեան»: