Կլենտէյլի Հանրային Կեդրոնական գրադարանը կը տեղեկացնէ, թէ պատանիներու եւ երիտասարդներու՝ իր նորոգուած յատուկ բաժանմունքին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 23 Նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ։
Գրադարանին հասցէն է՝ 222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205։
Բաժանմունքին մաս կը կազմէ «Մանուկներու տարածք»ը, որուն որմանկարները կատարած է Ալիքս Սուպիրան։ Անիկա նաեւ ունի 13էն 18 տարեկաններու յատուկ տարածք մը, օժտուած՝ արդիական սարքերով։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել GlendaleLAC.org կայքը։