Մոսկուա ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ պիտի աշխատի` կտրուկ կերպով պաշտպանելով իր ազգային շահերը եւ «կեդրոնանալով (Ուքրանիոյ մէջ) յատուկ զինուորական գործողութեան» նպատակներուն հասնելուն վրայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Պատրանքներ չունինք Ռուսիոյ մէջ քաջ յայտնի Ամերիկայի ընտրուած նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Քոնկրեսի նոր կազմին գծով: Միացեալ Նահանգներու մէջ իշխող քաղաքական վերնախաւը, անկախ կուսակցական պատկանելիութենէն, հաւատարիմ է հակառուս կեցուածքին եւ «Մոսկուան զսպելու» գիծին», ընդգծեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«ԵԹԷ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԸ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՈՒԶԷ, ՄԵՆՔ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ». ԼԱՒՐՈՎ
«Եթէ Ամերիկայի նոր վարչակարգը մեզի հետ երկխօսութեան նախաձեռնէ, մենք պատրաստ ենք, պայմանով որ անիկա իրարու հաւասար ձեւով եւ առանց թելադրանքներու ըլլայ», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ան նշեց, որ Մոսկուան չէր, որ Ուաշինկթընի հետ երկխօսութիւնը խզեց, եւ այդ պատճառով չէի կրնար երկխօսութեան վերականգնման նախաձեռնել:
Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի խումբին հետ հաղորդակցութեան կարելիութիւններուն մասին խօսելով՝ Լաւրով ըսաւ. «Երբեք հաղորդակցիլը չմերժեցինք, եւ երկխօսութիւնը ինքնամեկուսացումէն աւելի լաւ կը նկատենք»: