Կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի Ուսանողական միութեան, Երկուշաբթի, 25 Նոյեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 12։15էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Քեն Խաչիկեանի Behind Closed Doors: In the Room with Reagan & Nixon հատորին ներկայացումը՝ հեղինակին կողմէ։ Հատորին ներկայացումէն ետք տեղի պիտի ունենայ քննարկում մը։
Քեն Խաչիկեան, որ տասնամեակներու ընթացքին եղած է ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքական ընտրապայքարներու վստահելի խորհրդական եւ ճառեր գրողը նախագահ Ռանըլտ Ռեկընին, որ հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին յստակօրէն հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը: Ան նաեւ նախագահ Ռիչըրտ Նիքսընի ճառերու հեղինակը եղած է, ինչպէս նաեւ անոր յատուկ խորհրդականը: Աւելի ուշ, ան օժանդակած է Նիքսընի յուշերը խմբագրելու աշխատանքին։ Խաչիկեան բացի Ռեկընի ճառերուն գլխաւոր հեղինակը ըլլալէ, նաեւ անոր յատուկ խորհրդականն էր:
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին «Պուէնա Վիզթա» շէնքին թիւ 101 սրահին մէջ։
Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը։