Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան այցելեց Մեսրոպեան ազգային վարժարանը, ուր ընդունուեցաւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ. Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի, վարժարանի տնօրէնուհի Լենա Կարապետեանի, Ռան եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ մանկամսուրի վարիչ Անգին Իսկաճեանի, վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Քրիս Կիւլճեանի եւ անդամներ Ժիրայր Փօլատեանի, Գոհարիկ Գաբրիէլի ու Թամար Ուրիշեանի կողմէ: Վարժարանին աշակերտները եւս, որոնք կարգով շարուած էին շրջափակին մէջ, սիրալիր ողջունեցին առաջնորդը:
Սրբազանը նախ այցելեց մանկամսուրի բաժինը, ուր սիրասուն փոքրիկները ներկայացուցին կարճ յայտագիր մը: Ապա առաջնորդը անցաւ վարժարանին մարզասրահը, ուր հաւաքուած էին մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ կարգի բոլոր աշակերտները, որոնցմէ մաս մը ներկայացուց գեղեցիկ յայտագիր մը:


Յայտագիրին աւարտին իր սրտի խօսքին մէջ, առաջնորդը գնահատանքի խօսքեր ուղղեց վարժարանի պատասխանատուներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն ու շեշտեց Ազգային վարժարաններու տեղը եւ դերը հայ քրիստոնեայ աշակերտութեան հայեցի դիմագիծի պահպանման ու մեր մատղաշ սերունդին մօտ հայու ոգին փոխանցելուն մէջ, ապա սրբազանը յորդորեց աշակերտները՝ տէր կանգնելու մեր ոսկեղնիկ լեզուին, անեղծ պահելու մեր հայ մշակոյթը եւ իրենց կարգին զայն փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն, յատկապէս Սփիւռքի՝ բազմաթիւ մարտահրաւէրներով լեցուն բարդ ու փոթորկալից ներկայ ժամանակներուն մէջ:
Գեղամ արքեպիսկոպոսը նաեւ շրջեցաւ դասարաններ, մտերմօրէն զրուցեց տարբեր դասարաններու մատղաշ եւ պատանի աշակերտներու հետ ու իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց աշակերտներուն եւ անոնց դաստիարակներուն:
Նշենք նաեւ, որ սրբազանը մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ սիրոյ սեղանին շուրջ՝ հիւրը եղաւ Մեսրոպեան վարժարանի հիւրընկալ ընտանիքին: