«Այսօր կ՛ամբողջանայ չորրորդ տարին 9 Նոյեմբեր 2020ին Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն յայտարարութեան որդեգրումին, որմով կարելի դարձաւ դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ եւ հիմք դրուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին», կ՛ըսուի Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Հետագային 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան կէտերը զարգացուեցան 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի, ինչպէս նաեւ 31 Հոկտեմբեր 2022ի եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ: Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւններու յաջող աւարտին համար Ռուսիա, ինչպէս նախապէս, պատրաստ է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններուն հիմքով գործընկերային աջակցութիւն ցուցաբերելու` այն ձեւով եւ ծաւալով, որոնք պահանջուած պիտի ըլլան բանակցող երկու կողմերէն», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ: