10 Նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ մարդու իրաւունքներու, ընկերային արդարութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի աջակցութեան բազմաբնոյթ ցոյց մը:
Ցոյցին նպատակն էր՝ նախ դատապարտել COP29ի վեհաժողովը հիւրընկալող Ատրպէյճանի ընտրութիւնը` մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ անոր ժխտական արդիւնքներուն պատճառով:
Պելճիքայի ՀՅԴ Հայ Երիտասարդական Միութեան անդամ Արամ Գէորգեան յայտնեց, որ ցոյցին մասնակցողները հաւաքուած էին՝ արտայայտելու համար իրենց հաւաքական վրդովումը՝ COP29 Ատրպէյճանի մէջ իրականացնելու որոշումին նկատմամբ:
«Արցախէն առաւել քան 150,000 բռնի տեղահանուած հայերը իրենց նախնիներուն տարածքը վերադառնալու հիմնարար իրաւունքը ունին: Վերադարձի այս իրաւունքը պէտք է իրականացուի միջազգային երաշխիքներով` ապահովելու համար անոնց հազարամեայ հայրենիքը ապահով հասնիլը եւ վերաբնակեցումը», ըսաւ Գէորգեան:
Աղբիւր` «ՓԱՍՏԻՆՖՕ»