Չորեքշաբթի, 30 Հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մտերմիկ շրջանակի մը մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ մը՝ իտալահայ յայտնի գրագէտ, գրականագէտ ու թարգմանիչ Անթոնիա Արսլանի ի պատիւ, իտալացի եւ հայ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ։
Բացման խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Այնուհետեւ, Մենհեթընվիլ քոլեճի փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մարշալ ներկայացուց մեծարեալը եւ կարդաց Արցախի նուիրուած անոր մէկ բանաստեղծութիւնը։
Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, յայտարարեց, թէ Մշակոյթի ամսուան առիթով, տիկին Արսլանի գրական, գիտական եւ հանրային գործունէութիւնը գնահատելով՝ Արամ Ա. կաթողիկոս զայն պարգեւատրած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։ Սրբազանը ընթերցեց կոնդակի անգլերէն թարգմանութիւնը եւ շքանշանով զարդարեց անոր կուրծքը։
«…Երկար տարիներու վրայ ծաւալած ձեր գրական-գիտական վաստակը պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ դուք, միշտ հաւատարիմ ձեր պապենական արմատներուն, ձեր աստուածատուր շնորհն ու կարողութիւնները ի սպաս դրած էք, ու կը շարունակէք դնել, լուսարձակի տակ բերելու հայ ժողովուրդի պատմութեան թաքուն ու վաւերական ծալքերը։ Բազում հեղինակութիւններու ու թարգմանութիւններու կողքին, ձեր ստորագրութեամբ լոյս տեսած «Արտոյտներու Ագարակը» հատորը ինքնին խտացումն է, եւ միանգամայն՝ «անլռելի զանգակատուն» մը, աշխարհացրիւ բազմահազար հայ ընտանիքներու ապրած ոդիսականին», կոնդակին մէջ կ՛ըսէ վեհափառը։
Շքանշանի տուչութենէն եւ Արսլանի շնորհակալական խօսքէն ետք, կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն մը։