Monument Watch-ը կը գրէ, թէ 28էն 29 Հոկտեմբերին 2024ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕի Հայաստանի ազգային յանձնաժողովի նախաձեռնած «Նոր եւ զարգացող տեխնոլոգիաների (արհեստագիտութիւններու) կիրառմամբ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն եւ վերականգնում» խորագիրով համաժողովին ընթացքին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի` մշակոյթի եւ արտակարգ իրավիճակներու կազմակերպութեան տնօրէն եւ Լա Հէյի 1954ի պայմանագիրին եւ անոր երկու արձանագրութիւններու (1954 եւ 1999 թթ.) կոմիտէի քարտուղար Քրիսթա Փիքաթ յայտարարեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕն մտահոգ է Լեռնային Ղարաբաղի զանազան ծագումներ ունեցող եւ զանազան տեսակի մշակութային արժէքներու ենթադրեալ ոչնչացման մասին զեկոյցներով: Ան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը գտնուի ԵՈՒՆԵՍՔՕի ուշադրութեան կեդրոնին եւ այդ պարունակին մէջ կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը վերջին հակամարտութեան ընթացքին փափաք յայտնած էր թեքնիք առաքելութիւն մը ուղարկել տարածաշրջանը` գնահատելու իրավիճակը, որուն համար շահագրգիռ կողմերուն հետ բարձրագոյն մակարդակի քննարկումներ ծաւալեցան:
Փիքաթ նաեւ յայտնեց, որ այժմ, երբ իրավիճակը փոխուեցաւ, այս առաքելութիւնը այլեւս կարելի չէր ուղարկել շրջանը՝ Լա Հէյի 1954ի «Զինեալ բախումներու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» պայմանագիրին համաձայն:
Փիքաթ աւելցուց, որ նախորդ տարի ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէնին` մշակոյթի գծով օգնականի գլխաւորութեամբ, առաքելութիւն ուղարկուած է Հայաստան` տեղահանուածներուն առաջարկելու կառոյցին աջակցութիւնը, եւ համոզուելու, որ անոնց կարիքները կը բաւարարուին՝ թէ՛ կրթական եւ թէ ընկերային-հոգեբանական ուղղութիւններով` ներառելով նաեւ համայնքներու ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման. անիկա կենդանի ժառանգութիւնը պահելու օգնութեան առաջարկը: Այս պարունակին մէջ, Փիքաթ կարեւոր նկատեց, որ համայնքները սահմանեն իրենց սովորոյթները եւ աւանդութիւնները, զորս պահպանելու կարիք ունին եւ անհրաժեշտութեան պարագային ԵՈՒՆԵՍՔՕն պատրաստ է օգնութիւն ցուցաբերելու համայնքներուն:
Փիքաթ յայտնեց, որ այժմ, Լա Հէյը ունի դիտարկման ժամանակաւոր գործիքակազմ մը, որ կրնայ գործարկուիլ որեւէ անդամ պետութեան մը կողմէ: