
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիա դժգոհ էր ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին գործունէութենէն, եւ այդ մասին բազմաթիւ անգամներ բացայայտօրէն յայտարարած է։
«Մենք անձամբ դժգոհ էինք անոր գործունէութենէն, մեծ մասամբ կը քննադատէինք յատկապէս, երբ արեւմտականները սկսան արգելափակել անոր աշխատանքը եւ բացայայտօրէն արտայայտեցին այդ դիրքորոշումը». յայտնեց Զախարովա։
Ան դիտել տուաւ, որ «Փետրուար 2022ին, արեւմտեան երկիրները թաղեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը»: Այդ ատեն ակնյայտ դարձաւ, որ Արեւմուտքը վճռական տրամադրուած է իր սեփական շահերը պաշտպանելու, հարցը քաղաքականացնելու, ոչ թէ հարցը լուծելու մէջ։
Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզեն վերահսկողութեան տակ առնել Հարաւային Կովկասը, ներթափանցել հոն` դուրս մղելով Ռուսիան, Իրանը եւ Թուրքիան։
«Անոնց հոգը չէ Հարաւային Կովկասի, այնտեղի ժողովուրդներու ճակատագիրը: Մենք, ի տարբերութիւն Արեւմուտքին, շահագրգռուած ենք տեսնելու ապահով, կայուն եւ բարգաւաճող տարածաշրջան մը», շեշտեց Զախարովա, ըստ որուն,
Ռուսիա ներկայ է Հարաւային Կովկասի մէջ, հոն ունի բնական, պատմական, տնտեսական, մարդասիրական եւ ֆինանսական շահեր ու պատրաստ է զարգացնելու տարածաշրջանը:
«Ռուսական կողմը պատրաստ է շարունակելու հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներուն տրամադրել համակողմանի աջակցութիւն` բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ, տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար», ըսաւ Զախարովա։