ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ

Բախտաւորութիւնը ունեցած եմ շատ կանուխէն ճանչնալու Խանճեաններու նահապետական եւ շնորհալի ընտանիքը: Անոնք կեսրայրիս երկրացիներն էին` արաբկիրցի մտերիմ բարեկամներ: Անոնք յաճախակի այցելութիւններ եւ սիրալիր յարաբերութիւններ ունէին իրարու հետ:
Նահապետական կ՛ըսեմ, որովհետեւ տան մէջ կ՛ապրէին երեք սերունդներ, եւ իւրաքանչիւրը ունէր իր խօսքը, կշիռը եւ յարգանքը տան մէջ: Տան հայրը` Վազգէն Խանճեան` գիտակից եւ յարգարժան անձնաւորութիւն մը, կը պահէր բազմանդամ ընտանիքը հինգ զարգացած համալսարանական զաւակներով:
Այս հաւատաւոր ընտանիքին մէջ մեծցած եւ դաստիարակուած Զաւէն Խանճեան եղաւ այն բացառիկ անձնաւորութիւնը, պատուական հայը, որուն կեանքին եւ գործունէութեան միջոցով մենք տեսանք Աստուծոյ սիրոյն գերազանց պատկերը:
Այո՛, ամէն օր Զաւէն Խանճեաններու չենք հանդիպիր մեր կեանքին մէջ` վկա՛յ այդ բազմահազար բազմութիւնը, որ ներկայ էր իր յուղարկաւորութեան պաշտամունքին: Ան կրցած էր սիրաշահիլ այդ ստուար բազմութիւնը իր եկեղեցական, գրական, բարեսիրական, ազգային, կազմակերպչական ու գաղութային բոլոր ըմբռնումներով:
Անոնք բոլորը եկած էին վերջին հրաժեշտը տալու այդ նուիրեալ հայուն, որ պատասխանատուութեան մեծ գիտակցութեամբ վարեց Աւետարանչականի գործադիր տնօրէնի ծանր պարտականութիւնը գրեթէ 10 տարիներ` իր մտաւորականի պաշարով, իր վարչական բացառիկ ձիրքով, իր նկարագիրի ազնիւ յատկանիշներով:
Իր յանդուգն ու սրտամօտ ելոյթներով ան վաստակեցաւ բազմահազար մարդոց սէրն ու յարգանքը: Ան օժտուած էր ընտիր նկարագիրով, արթուն միտքով եւ զգայուն խիղճով: Ան տեսիլքի մարդ էր: Ան հեռատեսութիւնը ունէր գուշակելու ապագայ իրադարձութիւնները, վերլուծելու եւ ըստ այնմ ծրագրելու:
Կեանք մը ամբողջ ապրելով հեռու իր ծննդավայրէն, ան չմոռցաւ իր երազային Հալէպը, ուր իր երազները ծնունդ առին, եւ ուր կազմաւորուեցաւ իր անշահախնդիր վեհ անհատականութիւնը:

Միջին Արեւելքի մէջ աղէտներ դիմագրաւող իր ծննդավայրի վատ օրերուն ըրաւ անկարելին անոնց դժուարութիւնները մեղմացնելու համար:
Զաւէն Խանճեան իմաստութեամբ եւ քաջութեամբ վճռական որոշումներ տուաւ յանուն Աւետարանչականի եւ իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ:
Իր պաշտօնավարութեան տասնամեայ շրջանին Աւետարանչական ընկերակցութիւնը մեծցաւ եւ բարգաւաճեցաւ թէ՛ բարոյապէս եւ թէ մանաւանդ նիւթապէս:
Զաւէն Խանճեանի անկեղծ եւ զգայուն ելոյթները մեծապէս կը քաջալերէին նուիրատուները, որպէսզի անոնք կրկնապատկէին իրենց ներդրումները:
Հակառակ իր որոշ տարիքին, ունէր երիտասարդի կորով եւ աննկուն կամք: Իր բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ ո՛չ տկարութիւն, ո՛չ ալ յոգնութիւն ճանչցաւ անսպառ եռանդով եւ բացառիկ ոգեւորութեամբ ծառայեց բոլորին:
Անոր բարեգործութիւնները սահման չունէին: Շարունակաբար հետաքրքրուած էր ոչ միայն իր շրջապատի, այլ նաեւ համաշխարհային տարբեր բնագաւառներու զարգացումներով:
Հաւատաւոր եւ պատուական այս հայորդին մինչեւ մահ ընկրկում չճանչցաւ իր կրօնական եւ ազգային համոզումներուն մէջ: Հոգեւոր եւ հայրենասէր անձ մըն էր ան: Իր ներշնչումը կու գար կրօնասիրութեան եւ հայրենասիրութեան զոյգ ակունքներէն: Անոր քրիստոնէական անսահման հաւատքին հետ զուգահեռ քալեց իր անշահախնդիր հայրենասիրութիւնը: Այս վարքագիծով ան սերտօրէն գործակցեցաւ հայ քոյր համայնքներուն եւ առաջնորդներուն հետ վայլելով անոնց անվերապահ սէրն ու գործակցութիւնը:
Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Զաւէն Խանճեան անաչառ եւ անկեղծ կերպով իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ հասարակական գործունէութիւններուն եւ աչքառու դեռ խաղցաւ հայրենասիրական ճակատի վրայ: Ան ամէնէն ջերմ սիրով կապուած էր մեր հայրենիքին` Հայաստանին, եւ աշխատեցաւ սատարել անոր վերելքին, բարձրացնելով անոր կենսամակարդակը: Իսկ արցախեան ողբերգութեան ատեն, Զաւէն Խանճեան անյապաղ զօրաշարժի ենթարկեց ընկերութեան բոլոր կառոյցները, հասնելու հազարաւոր անօթեւան արցախցիներու` ապահովելով անոնց ուտելիք եւ կացարան, մինչեւ որ անոնք կարենան գտնել մշտական բնակարաններ: Զաւէնի կարեկցանքը եւ հայրենասիրութիւնը անսահման էին:
Բազմաշնորհ անձնաւորութիւն մըն էր Զաւէն Խանճեան` գրական շնորհներով օժտուած տաղանդաւոր մտաւորական մը: Հայ գրականութեան տուաւ երեք գործեր` »Սրտի Եւ Մտքի Ցոլքեր« (2011), »Հալէպ Առաջին Կայարան« (2013) եւ »Այս Տունը Քուկդ Է, Թէ Իմս« (2017):
Օժտուած ըլլալով գիտակից մտաւորականի տաղանդով` ան քաջալերեց հայատառ գրականութեան նուիրեալները եւ նեցուկ եղաւ անոնց յառաջանալուն:
Անոր մահով մեր հաւաքական կեանքէն կ՛անհետի գաղափարապաշտ եւ ընտիր ղեկավար մը, հայրենասէր եւ բարոյատիպ աշխարհական առաջնորդ մը, որուն յիշատակը վառ պիտի մնայ միշտ Աւետարանչական ընկերակցութեան աշխարհատարած անդամներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայորդիներուն սիրտին մէջ:
Զաւէն Խանճեանի մահով արձանագրուած է հսկայական բաց մը սփիւռքահայ զանազան գաղութներու մէջ, ներառեալ` Միջին Արեւելք եւ Հայաստան:
Անոր մահը մեծ կորուստ է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ, հայ ազգին եւ ամբողջ մարդկութեան համար: Թող սուրբ հոգին մխիթարէ անոր ընտանիքը եւ բարեկամները եւ թող Տէրը օրհնէ անոր յիշատակը: