Արցախի նախկին պետական նախարար եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ 9 Նոյեմբերին (ՔՈՓ 29ի մեկնարկէն առաջ) հրապարակուեցաւ թէ՛ տպագիր եւ թէ ելեկտրոնային տարբերակներով. լուրը հաղորդեց «Արմէնփրէս»ը՝ դիտել տալով, որ հարցազրոյցին թարգմանութիւնը տարածած է Արտակ Բեգլարեանի գրասենեակը:
Հեղինակը նախաբանին մէջ յիշեցուցած է, որ Նոյեմբերի կէսերուն Պաքուի մէջ բացումը պիտի կատարուի ՄԱԿի Կլիմայի նոր վերաժողովին:
«Իր առաւել քան 100,000 հայրենակիցներուն հետ հայրենիքէն բռնի տեղահանուած Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան կոչ կ՛ուղղէ՝ ճնշում բանեցնելու նախագահ Ալիեւի վարչակարգին վրայ, որ, ըստ անոր, հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն կատարած է: Անոր դէմքին վրայ տառապանքներու հետքեր կան, սակայն ձայնը վճռական է», կ՛ըսուի վերոնշեալ հարցազրոյցին նախաբանին մէջ:
Հեղինակը կը պատմէ, որ 19 Սեպտեմբերին, Արտակ Բեգլարեան, իր հայրենակից Գեղամ Ստեփանեանի հետ Միջազգային քրէական դատարանին բողոք ներկայացուցին: Անոնց ակնկալութիւնն է, որ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած յանցագործութիւններուն վերաբերող հետաքննութիւն սկսի:
«Սա ցեղասպանութիւն է: Միայն քաղաքական գործիչներն են խուսափում օգտագործել այս բառը: Վստահ եմ, որ մի օր այն միջազգային հանրութեան կողմից կը ճանաչուի», կ՛ըսէ Արտակ Բեգլարեան:
Լրագրողը կը շեշտէ, որ հարցազրոյցին թուականը զուգադիպութեամբ չէ ճշդուած. «11 Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ բացումը պիտի կատարուի ՔՈՓ 29ին՝ Կլիմայի վերաբերեալ մեծ միջազգային վեհաժողովին: Եւ ասիկա տեղի կ՛ունենայ այն ատեն, երբ առնուազն 23 հայ գերիներ տակաւին կը պահուին նախագահ Ալիեւի վարչակարգին կողմէ», կը գրէ պարբերականը՝ մէջբերելով Արտակ Բեգլարեանի այն խօսքերը, ըստ որոնց, իրականութեան մէջ կան բազմաթիւ հիմքեր պնդելու, որ գերիներուն թիւը շուրջ 100 է:
«Մեծ մասի դէպքում նոյնիսկ չգիտենք, թէ արդեօք նրանք ո՞ղջ են», կ՛ըսէ Բեգլարեան:
Հարցազրոյցին հեղինակը կը պատմէ, որ Բեգլարեան բազմաթիւ զրկանքներ ապրած է: Ծնելով 1988ին, Ստեփանակերտի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին, ան կը յիշէ մանկութեան բանաստեղծութիւնները, երգերը եւ մեղեդիները: Ան ընդամէնը չորս տարեկան էր, երբ հայրը զոհուեցաւ ճակատին վրայ՝ ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ: Երկու տարի ետք՝ ընկերներուն հետ բակին մէջ խաղալու ընթացքին, ականի մը պայթումը զայն կոյր դարձուց: 16 տարեկանին մայրը մահացաւ սրտի կաթուածով՝ տղան բոլորովին առանձին ձգելով: Հակառակ այս բոլորին, ան կրցաւ ուսանիլ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի մայրաքաղաքին, իսկ յետոյ՝ հեղինակաւոր Լոնտոնի համալսարանական քոլեճի մը մէջ, ուր անոր առաջարկեցին մնալ», կը գրէ թերթը:
«Բայց ես վերադարձայ հայրենիք՝ իմ ժողովրդին ծառայելու համար: Դա իմ կեանքի առաքելութիւնն է, որն ինձ վերադարձրեց տուն», կը յայտնէ Բեգլարեան:
Շարունակելով պատմել Բեգլարեանի մասին՝ «Ֆիկարօ»ի լրագրողը կը յայտնէ, որ ան դարձաւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան, ապա՝ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար եւ պետական նախարար: Թերթը կ՛ընդգծէ, որ Դեկտեմբեր 2022ին՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մեկնարկով, կեանքը հոն աստիճանաբար անտանելի դարձաւ: Կենսական ապրանքները պակսեցան՝ ձէթ, հացահատիկ եւ այլն: 2023 թուականի սկիզբը Հայաստանէն ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարումը խափանուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ:
«Մի քանի շաբաթ շարունակ ես ու կինս հաց չէինք ուտում, որպէսզի կարողանայինք այն տալ մեր երկու դուստրերին… Ձմրանը մենք էլեկտրաէներգիա ունէինք օրական միայն 12-16 ժամով: Մարդիկ ջեռուցում չունէին, եւ դպրոցները ժամանակաւորապէս փակուեցին: Նոյնիսկ ջրի մատակարարումը խնդիր դարձաւ», կ՛ըսէ Բեգլարեան:
«Ֆիկարօ»ն կը տեղեկացնէ, որ 19 Սեպտեմբեր 2023ին, երբ Ատրպէյճանի զօրքերը վերջնականապէս ներխուժեցին Լեռնային Ղարաբաղ, Արտակ Բեգլարեանն իմացաւ, որ ատրպէյճանցի զինուորները զինք կը փնտռէին: Ան որոշեց իր ընտանիքին հետ փախչիլ:
«Մօտ 27 ժամ պահանջուեց՝ շուրջ 50 կիլոմետր անցնելու համար մինչեւ Հայաստանի սահմանը: Ես նոյնիսկ մեքենայից դուրս չեկայ. հարազատներս վախենում էին, որ ինձ կը ձերբակալեն կամ կը սպաննեն», կը պատմէ ան:
Այսօր Արտակ Բեգլարեան գաղթական է՝ բարեկամներու մօտ, Երեւանի մէջ։ «Ես մասնակի աշխատանք ունեմ իմ ընտանիքի կարիքները հոգալու համար: Մնացած ժամանակ ես ակտիւօրէն (աշխուժօրէն) շարունակում եմ ջատագովել իմ ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան համար», կ՛ըսէ ան:
ՔՈՓ 29ի նախաշեմին Բեգլարեան կոչ ուղղեց պահուող բոլոր հայ պատանդները ազատ արձակելու:
«Ան նաեւ կը փափաքի, որ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը աջակցին իրենց բողոքին Միջազգային քրէական դատարանին մէջ: Ֆրանսացի երկու փաստաբաններու՝ Քաթալինա տը լա Սոթայի եւ Ֆրանսուա Զիմերէյի կողմէ ներկայացուած այս բողոքը շատ քիչ հաւանականութիւն ունի յաջողելու, եթէ չստանայ Հռոմի կանոնակարգի վաւերացուցած եւ ՄՔԴ իրաւազօրութիւնը ճանչցող պետութիւններէն գոնէ մէկուն աջակցութիւնը: Ան յոյս ունի նաեւ, որ միջազգային հանրութիւնը խիստ պատժամիջոցներ կը կիրարկէ այդ յանցագործութիւններու հեղինակներուն նկատմամբ», կ՛ըսէ թերթը՝ մէջբերելով Բեգլարեանի այն նկատառումը, որ երբ քաղաքական աջակցութիւնը կը սահմանափակուի գեղեցիկ խօսքերով եւ կարեկցանքով՝ իրական աջակցութիւն չէ:
«Դիկտատորները (բռնապետները), յատկապէս ցեղասպանութիւնների հեղինակները, անտեսում են յայտարարութիւններն ու խօսքերը», կ՛ընդգծէ Բեգլարեան: