Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէ պատասխանած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 13 Նոյեմբերի յայտարարութեան՝ այդ մասին գրառում կատարելով «Էքս»ի էջին վրայ:
Ան նշած է, որ անհիմն են այն յայտարարութիւնները, թէ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնը Հայաստանէն տարածքային պահանջներ կը պարունակէ:
Ատրպէյճան կը պնդէ, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը նման պահանջներ կը բովանդակէ, ուստի պէտք է փոխել զայն:
Յիշեցնենք, որ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջը փակուղի պիտի մտցնէ խաղաղութեան գործընթացը: