Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան 19 Նոյեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վասիլիս Մարակոսը:
Ըստ նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան օրակարգային հարցեր: Կողմերը դրական գնահատեցին Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի (CEPA) ծիրին մէջ իրականացուող բարեփոխումները, որոնք կը վերաբերին դատական համակարգին, փտածութեան դէմ պայքարին եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:
Գալեան շեշտեց հանրութեան լայն շրջանակներու մէջ դատական համակարգին հանդէպ հեղինակութեան բարձրացման կարեւորութիւնը` ընդգծելով կանխատեսելի արդարադատութեան հիմքերու ստեղծումը: Դեսպանը կարեւոր նկատեց այս ուղղութեամբ տարուող Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան երկխօսութեան յանձնառութիւնը:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն վիզաներու ազատականացման գործընթացին: Կողմերը արձանագրեցին Եւրոպական Միութեան պիւտճէական աջակցութեան ծրագիրներու դերը եւ փուլային շարունակականութիւնը:
Հանդիպման աւարտին անոնք վերահաստատեցին երկկողմ համագործակցութիւնը խորացնելու եւ ընդլայնելու պատրաստակամութիւնը: