Աչքերու խօսակցութեան սեփական փորձառութիւններ ունին մարդիկ: Սա բոլոր մակարդակներու վրայ կարելի է տեսնել: Ծնողներ մասնաւոր նայուածք մը կը նետեն իրենց զաւակներուն աչքին, երբ ուրիշներու ներկայութեան չարութիւններ կ’ընեն կամ իրենց անյարմար նիւթերու միջամուխ կ’ըլլան, տարօրինակ արտայայտութիւններ ունենալով:
Պաղատագին նայուածքներ ալ կան, որոնց յաճախ կրնաս հանդիպիլ յատկապէս արեւելեան աղքատ երկիրներու մէջ կամ երրորդ աշխարհեան շարք մը քաղաքներու հրապարակներուն վրայ, երբ պատանի մուրացիկներ խճողումի մէջ ինքնաշարժիդ ապակիին կը կպչին իրենց ափը բացած, նոյնիսկ փոքրիկ ակնկալութեամբ:
Վերոյիշեալ եւ բոլոր տեսակի նայուածքներէն բացի կայ նաեւ նայուածքը սիրոյ, որուն հմայքին եւ ազդեցութեան մասին հատորներ գրի առնուած են հեղինակներու կողմէ, գրականութեան էջերը ծաղկազարդելով վիպերգութեամբ:
Բոլոր նման տեսակի վէպերու մէջ կը նկարագրուի աչքերու խօսակցութիւնը, երբ լեզուն տկար է արտայայտելու հոգիէն եկող ապրումը եւ մտքին մէջ կազմաւորուած գաղափարը սիրոյ: Այդ արտայայտութիւնը գտնելու համար ենթականերուն աչքերը իրարու կը հանդիպին եւ մէկզմէկու ոսպնեակին մէջ կ’ուրուագծուի սէրը, որ սկզբնապէս կրնայ համր ըլլալ: Իրողութիւնը այն է սակայն, որ նայուածքները պարտաւոր են հանդիպիլ իրարու՝ կարենալ խօսելու համար: Այլապէս, տարբեր ուղղութեամբ նայելու պարագային, այլ միջոց պէտք է փնտռել, ինչպէս ձայնը, նուագը, երգը եւ այլ կերպեր, որոնցմով կարելի ըլլայ հաղորդակցութիւն ստեղծել ենթականերուն միջեւ, հարթելու համար սիրոյ ճանապարհը:
Իսկական սէրը սակայն, չի՛ կայանար միայն իրարու աչքերուն նայելուն մէջ: Զայն ապրելու համար չի՛ բաւեր միայն կարդալ դիմացինին աչքերու պաստառին վրայ գրուած գաղտնագիրը, ո՛չ ալ հեքիաթային թեւաւոր նժոյգով թռչելուն մէջ կը կայանայ անոր իսկական արժէքը: Իսկապէս սիրելուն մեծագոյն նշաններէն մին նո՛յն ուղղութեամբ նայելուն մէջ կը կայանայ: Ուր որ կը սեւեռէ իր աչքերը այն՝ զոր կը սիրես, դուն ալ հոն սեւեռէ նայուածքդ եւ պիտի զգաս այն մեծ փոփոխութիւնը, որուն ակնկալիքով լեցուն է այս աշխարհը:
Աշխարհը իր բնակչութեամբ սիրոյ պակասէն կը տառապի: Յատկապէս տօնական օրերուն, երբ բարեմաղթութիւններ կը փոխանակեն մարդիկ, անյապաղ կը յիշեն խաղաղութիւնը, կարծէք միայն տօնական օրերուն պէտքը զգացուէր անոր: Խաղաղութեան կարօտ է ամէն հոգի այս տիեզերքին մէջ: Կենդանին, որուն առաջնորդը իր բնազդն է բնականաբար, գիշեր ատեն լռութիւն եւ խաղաղ անկիւն մը կը պահանջէ, որպէսզի քնանայ ու կենսուժ հաւաքէ յաջորդ օրուան համար: Գէթ իմ խնամած թռչունս այդ կ’ուսուցանէ ինծի ամէն օր, երբ հեռատեսիլին աղմուկը կամ հեռաձայնի անակնկալ զանգ մը խանգարէ իր անուշ քունը…:
Բաղձացուած այդ խաղաղութեան հաստատման համար սիրալիր կոչեր կ’ուղղուին աշխարհի ղեկավարներուն կողմէ: Շատ մը պետութիւններու, նոյնիսկ թշնամի գերպետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ իրարու քով կու գան, նոյն այս խաղաղութեան հաստատման համար եւ միացեալ յայտարարութիւններ կը ստորագրեն, «սէր» տարածելու համար: Սակայն ի զուր: Եւ հարց կու տամ յաճախ, թէ ինչո՞ւ չեն յաջողիր սէր ու խաղաղութիւն հաստատել այս իրարու աչքերուն նայող եւ թղթակիցներու նկարչական ոսպնեակներուն դիմաց այնքա՜ն երկարօրէն ձեռք թօթուող անձնաւորութիւնները…:
Պատասխանը շատ պարզ է: Որովհետեւ միայն իրարու աչքերուն կը նային անոնք, սակայն նոյն ուղղութեան չեն ուղղեր իրենց նայուածքը…: Առաջինը՝ զգացում է սոսկ, փոխադարձ սիրոյ վաղանցուկ ապրում մը լոկ, որուն տեւողութիւնը թերեւս ակնթարթ մը վերջ իր աւարտին հասնի, երբ աչքերը հեռանան իրարմէ եւ դադրին զիրար տեսնելէ: Մինչ երկրորդը՝ որոշում է, յանձնառութիւն է, ներքին մղում է, անձնական վճիռ է ու խոստում, զոր մարդ կը կատարէ յանուն իր արժանապատուութեան: Ասիկա կը նմանի կարգ մը երկիրներու միջեւ կնքուող միայն մէկ տեսակի համաձայնագրին: Այսպէս, կրնայ երկիր մը զինուորական դաշինք կնքած չըլլալ այլ երկրի մը հետ, սակայն տնտեսութեան տարբեր մարզերէ ներս՝ այո: Շահադիտական մօտեցում մըն է ասիկա, որ շահուն դադարման հետ ալ կանգ կ’առնէ: Ճշմարիտ սիրոյ դիմաց կեղծ սիրոյ օրինակ կրնայ ծառայել այս տեսակի համաձայնագիր մը:
Միասին պիտի նայինք նո՛յն ուղղութեամբ: Այս է խոստումը, զոր իրարու պէտք է տան զիրար սիրող անձեր: Ըլլան անոնք կեանքի ընկերներ թէ բարեկամներ, ըլլան անոնք ազգեր ու ժողովուրդներ, ըլլան հոգեւոր թէ քաղաքական ղեկավարութիւն ստանձնած սպասաւորները մարդկութեան: Այդ նայուածքին ուղղութիւնը սլաքուած պէտք է ըլլայ բոլորը՝ աշխարհը ու մարդկութիւնը շահագրգռող նպատակակէտերու: Այդ նպատակակէտերուն առաջինը սէրն է, իսկ երկրորդը՝ խաղաղութիւնը: Այս երկուքին անսուաղութեամբ կը տուայտի մարդկութիւնը ամէն տեղ: Իսկ այս անսուաղութիւնը կը ծնի ապօրէն բազմաթիւ զաւակներ՝ ընկերային անարդութիւն, աղքատութիւն, որու հետեւանքով անբարոյականութիւն, աւազակութիւն, մանկանց շահագործում, քրիստոնէական դաստիարակութեան անտեսում, ոճիր ու պատիժ, բանտ ու կախաղան, եւայլն:
Եւ այս բոլորը՝ սիրոյ բացակայութեան հետեւանքով: Միայն տօնական օրերը չեն, որ մեզի պիտի մղեն այս որբ ու անտէր բառը գգուելու ու փայփայելու եւ գեղեցիկ ձեռագրով թէ ելեքտրոնային նամակագրութեամբ իրարու յղելու: Այլապէս, տօնական օրերու գոյնզգոյն ու փայլփլուն բացիկները այդ բառը յաւիտեան քնացնելու հեզանազ օրօրոցներ պիտի ըլլան, անրջական գունագեղ երազներու կախարդանքին մէջ արգելափակելով զայն:
Իրարու աչքերուն նայելէ առաջ, պէտք է նո՛յն ուղղութեան յառենք մեր նայուածքները, հոն՝ գուցէ հեռուն, տեսնելու համար ամէնուն կողմէ բաղձացուած սիրոյ դղեակը, որուն դուռներուն ճռնչագին բացումով, աշխարհը պիտի ողողուի խաղաղութեամբ ու երջանկութեամբ…: