Լրտեսութեան մէջ մեղադրուող Սարգիս Գալստեան, որ 2023ի պատերազմէն ետք շուրջ կէս տարի ապրած էր Արցախի մէջ, ապա տեղափոխուած Հայաստան, մեղաւոր նկատուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ 18 տարուան բանտարկութեան: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի դատախազութենէն։
2018-2023 տարիներուն, Գալստեան տարբեր պաշտօններ վարած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ, եղած է Շուշիի վարչական շրջանի ղեկավար, կրթութեան նախարարութեան աշխատակազմի փոխղեկավար, Արցախի նախագահի աշխատակազմի փոխղեկավար։
Ըստ մեղադրանքին` ան 2020էն ի վեր հաւաքագրուած է օտարերկրեայ պետութեան յատուկ հետախուզութեան ծառայութեան մէջ եւ լրտեսած է: