«Իզվեսթիա» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին հաստատեց, որ Ռուսիա հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորման իր պարտաւորութիւններուն` թէ՛ երկկողմ ձեւաչափով եւ թէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միջոցով:
Ան այս հաստատումը կատարեց՝ անդրադառնալով այն հարցին, թէ որո՛նք են ՀԱՊԿի մէջ Երեւանի լիարժէք գործունէութեան վերսկսման հեռանկարները, եւ արդեօք այդ գործունէութեան սառեցումը ազդա՞ծ է Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքին վրայ։
Հայաստանի նկատմամբ հաւատարմութիւն յայտնելով՝ ան նշեց, որ Ռուսիա-Հայաստան դաշնակցային համագործակցութեան համեմատելի իրական այլընտրանքներ չկան, նոյնիսկ՝ ՀԱՊԿի ծիրին մէջ:
Ըստ Քոփիրքինի՝ Մոսկուա կ՛ակնկալէ հայ պաշտօնակիցներուն աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը Եւրասիական ցամաքամասին մէջ հաւասար եւ անբաժանելի ապահովական համակարգի մշակման միացեալ ջանքերուն մէջ:
Քոփիրքին դիտել տուաւ նաեւ, որ Մոսկուա շահագրգռուած է, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ որքան կարելի է շուտ կայուն խաղաղութիւն տիրէ. տարածաշրջանին համար ճակատագրական այս փաստաթուղթին՝ բոլոր փոխադարձ մտահոգութիւններու արդարացի լուծման վրայ հիմնուած ըլլալը կարեւոր է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիա առաջուան պէս պատրա՞ստ է աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին ստորագրութեան` Քոփիրքին ըսաւ. «Մենք յստակ կերպով կը տեսնենք, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ փոխընդունելի փոխզիջումներու հասնիլը բարդ եւ ժամանակ առնող գործընթաց է` նկատի ունենալով Խորհրդային Միութեան փլուզումին նախորդած իրադարձութիւնները»:
Քոփիրքին յայտարարեց, որ Ռուսիա միշտ պատրաստ է հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով` հետեւելով Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 եռակողմ համաձայնագիրներու ոգիին եւ տառին:
«Նման օգնութեան ձեւերն ու ծաւալները պէտք է ընտրեն իրենք` բանակցող կողմերը», յայտնեց Քոփիրքին։
Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ հայ-ռուսական առեւտուրի շրջանառութեան ծաւալները պիտի հասնին մրցանշային 14-16 միլիառ տոլարի:
Ըստ Քոփիրքինի՝ արդէն 2024ի առաջին կիսամեակին, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ապրանքներու շրջանառութիւնը գերազանցած է 8.3 միլիառ տոլարի նշագիծը` գերազանցելով նախորդ տարուան ամբողջ ցուցանիշը, որ 7.4 միլիառ տոլար էր: