21էն 22 Նոյեմբերին, Մատրիտի «Քոմփլութենսէ» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ օտար երկիրներու համալսարաններու մէջ գործող հայագիտական կեդրոններու անդրանիկ համաժողովը՝ «Հայագիտութեան զարգացման տեսլականը, մարտահրաւէրները եւ հեռանկարները» բնաբանով, կազմակերպութեամբ՝ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ աջակցութեամբ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան։
Համաժողովին մասնակցեցան ԿԳՄՄի փոխնախարար Արթուր Մարտիրոսեան, Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան յանձնախումբի փոխնախագահ Արթուր Մովսիսեան, դեսպան Սօս Աւետիսեան, աշխարհասփիւռ հայագիտական ամպիոններու եւ կեդրոններու ղեկավարներ: Համաժողովին ներկայ եղան նաեւ Մատենադարանի, Երեւանի Պետական համալսարանի եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի մասնագէտներ: Համաժողովը վարեց Վենետիկի «Կա Ֆոսկարի» համալսարանի փրոֆ. Սոնա Յարութիւնեան:
2022էն ի վեր, «Քոմփլութենսէ» համալսարանին մէջ Հայաստանի պետական գանձատրումով կը գործէ Սպանիոյ առաջին հայագիտական ամպիոնը, ղեկավարութեամբ փրոֆ. Ֆրանսիսքօ Զօրեանի:
Մարտիրոսեան իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, թէ արտասահմանի մէջ գործող հայագիտական կեդրոնները մեծ դեր ունին հայագիտութեան զարգացման մէջ՝ նշելով, թէ ներկայիս 13 երկիրներու 15 համալսարաններու մէջ ունինք այդպիսի կեդրոններ, որոնց մեծ մասը՝ Եւրոպայի տարածքին: «Այս կեդրոնները պէտք է գործակցին, միատեղ հետազօտութիւններ կատարեն եւ տեսանելի արդիւնք ցուցաբերեն նաեւ ցանցային գործակցութեան առումով՝ գրաւիչ դարձնելով հայագիտութիւնը», ընդգծեց Մարտիրոսեան ՝ յայտնելով, թէ ցանցային հայագիտական համալսարանի զարգացման հայեցակարգը արդէն հաստատուած է:
Դեսպան Սօս Աւետիսեան ողջունեց այսպիսի ձեւաչափով կազմակերպուած առաջին համաժողովին մասնակցողները՝ յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթելով անոնց:
Համաժողովին ներկայ Վենետիկի, Հռոմի, Սալզպուրկի, Լայփցիքի, Սինալոայի, Քենըտիի, Ռոսարիոյի, Հալլէ-Վիթենպերկի «Մ. Լիւթեր» համալսարաններուն եւ շարք մը այլ հայագիտական ամպիոններու ղեկավարները ցուցադրեցին սահիկներ, նուիրուած՝ իրենց կեդրոններու գործունէութեան եւ իրականացուցած ծրագրերուն:
Մասնակցողները քննարկեցին այժմէական հարցերը, զարգացման ուղիները եւ կեդրոններու գործակցութեան հեռանկարները: