Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին ընդգծեցին Սուրիոյ մէջ կացութեան կայունացման ուղղութեամբ տարուող ջանքերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին հաղորդեց հետեւեալը. «Զրոյցին ընթացքին, կողմերը խիստ մտահոգութիւն յայտնեցին Սուրիոյ մէջ կացութեան սրման նկատմամբ Հալէպ եւ Իտլիպ նահանգներուն մէջ զինեալ խմբաւորումներու ահաբեկչական յարձակումին գծով: Վերահաստատուեցաւ ամուր աջակցութիւնը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան»:
Նշենք, որ Արաղճի Կիրակի օր այցելեց Դամասկոս՝ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ Սուրիոյ ժողովուրդին։