–ԻՐԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՓՈՒԹԱՅ
–ԹՐՔԱԿԱՆ ԴՐՕՇԱԿ ՀԱԼԷՊԻ ԲԵՐԴԻՆ ՎՐԱՅ
-ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՁԻՆ ՉԷ. ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը եւ օժանդակ ուժերը Համայի հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ ետ մղեց Ալֆան Ալուասթանի գիւղին վրայ իսլամական զինեալ խմբաւորումներու բուռն յարձակումը:
Սուրիական եւ ռուսական օդային ուժերը Երեքշաբթի օր շարունակեցին Իտլիպի եւ բռնագրաւուած Հալէպի մէջ գտնուող զինեալ խմբաւորումներու դիրքերուն վրայ յարձակումները:
«Մայատին»ը կը հաղորդէ, որ Իտլիպ եւ Հալէպ նահանգները վերածուած են զինեալ խմբաւորումներուն եւ սուրիական բանակին միջեւ պատերազմի բաց դաշտի:
Միւս կողմէ, քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը սկսան Հալէպի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները յանձնել Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Ազգային բանակ»ին: Անոնք ընդհանուր առմամբ 100-150 քառակուսի քիլոմեթր տարածք մը յանձնեցին Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ուժերուն:
Քրտական ուժերը Երկուշաբթի օր պահանջեցին քիւրտ քաղաքայինները Հալէպի մերձակայքէն տեղափոխել Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը, իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները:
«Աշխատանք կը տանինք Սուրիոյ մէջ բոլոր գործող կողմերուն հետ հաղորդակցելու` ապահովելու համար մեր ժողովուրդին պաշտպանութիւնը: Սուրիական բանակին եւ անոր դաշնակիցներուն նահանջելէն ետք, մեր շրջաններուն եւ Հալէպի ու Թել Ռիֆաաթի միջեւ մարդասիրական միջանցք մը բացինք», յայտնեց Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի:
«Իրանամէտ զինեալ խմբաւորումներ Իրաքէն մտան Սուրիա` ընդդիմութեան դէմ կռիւին մէջ սուրիական ուժերուն օգնելու համար», «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին Սուրիական զինուորական երկու աղբիւրներ:
Իսկ ռուսական աղբիւրներ իրենց կարգին «Ռոյթըրզ»ին յայտնեցին, որ սուրիական ընդդիմութեան Հալէպ ներխուժելէն ետք, Ռուսիա պաշտօնազրկեց Սուրիոյ մէջ իր ուժերու պատասխանատուն:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան քաղաքական աղբիւր մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց, որ Իրան Սուրիոյ նախագահին օգնելու փորձով մը սկսաւ ուժեր ուղարկել Սուրիա:
«Սուրիական բանակը եւ Դիմադրութեան ճակատը վճռականօրէն եւ ուժեղ կերպով պիտի հակադարձեն Սուրիոյ մէջ սիոնականներու արարքներուն: Սուրիոյ մէջ զինեալներուն նպատակը Դիմադրութեան ճակատը դիմակայելը եւ անոր կարեւոր թեւերէն մէկը եղող Սուրիան տկարացնելն է: Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումները ընդդիմութիւն չեն, այլ՝ սիոնական գոյացութեան եւ Ամերիկայի վարձկաններ», յայտնեց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասէն աղբիւր մը քուէյթեան «Ճարիտա» օրաթերթին յայտնեց, թէ Թեհրան որոշած է 20 հազար զինեալներ շտապ կերպով ուղարկել Սուրիա: Անոնց շարքին պիտի ըլլան իրանցիներ, աֆղաններ, փաքիստանցիներ եւ իրաքցիներ:
Հալէպի վրայ իսլամական ուժերուն անակնկալ յարձակումին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը բացայայտ է, որովհետեւ անոնք յարձակումը կատարեցին Թուրքիոյ հակակշռին տակ գտնուող շրջաններէն։ Մինչ Անգարա կտրուկ կերպով կը հերքէ այս իրողութիւնը, թրքական մամուլը հրճուանքով կ՛անդրադառնայ դէպքերուն։ Օրինակի համար, Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլը հպարտութեամբ կը գրէ, թէ թիւրքմէնները «ենիչերի»ներու քայլերգը երգելով՝ մուտք գործեցին Թել Ռըֆաաթ, մինչ ուրիշ տեղ մը գրուած է՝ «Հալէպի պարիսպներուն վրայ պարզուեցաւ թրքական դրօշակը»…։
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՁԻՆ ՉԷ. ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կատարած է հետեւեալ գրառումը «Սուրիահայութիւնը առանձին չէ։ Իր տագնապները մեր տագնապներն են։ Իր կողքին է ողջ հայութիւնը։ Արդ՝ պարտինք սուրիահայութեան համար բոլորով ընել առաւելագոյն կարելին եւ հասնիլ օգնութեան, որպէսզի այնտեղի հայատրոփ համայնքները մնան անվտանգ, պինդ, նպատակասլաց, աշխոյժ եւ համահայկական կեանքէն ներս առանցքային դերակատարութեան վրայ»։