«Հայաստանի` միջազգային քրէական դատարանին միանալու վերաբերող մեր դիրքորոշումը յայտնի է: Լա Հէյի մէջ շարք մը պաշտօնեաներ ձերբակալելու հրաման տալու լոյսին տակ, Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը ուղղակի վնաս կը հասցնէ Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն», յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, ըստ որուն, այդ վնասը ոչ միայն խորհրդանշական է, այլ նաեւ գործնական:
Երեւան Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացուց նախորդ տարի, իսկ այս Փետրուարէն սկսեալ պաշտօնապէս միացաւ Միջազգային քրէական դատարանին:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան քանի մը օրեր առաջ ելոյթ ունեցաւ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան մասնակցող պետութիւններու համաժողովի 23րդ նստաշրջանին` ընդգծելով, որ, նկատի ունենալով Հայաստանի պատմութիւնը` երկիրը հաստատակամ է այն համոզումին մէջ, որ անպատժելիութեան վերացումը, արդարադատութեան եւ պատասխանատուութեան խթանումը յատուկ կարեւորութիւն ունին, եւ անոնց կարելի է հասնիլ միայն ջանքերու համախմբումով:
«Մենք արդէն չափից շատ ենք ականատես եղել իրավիճակների, երբ վաղ նախազգուշացումն ու գործողութիւնները խաթարուել են նեղ քաղաքական շահերի պատճառով` կաթուածահար անելով միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար անմիջականօրէն պատասխանատու կառոյցների արդիւնաւէտ գործունէութիւնը: Այս առումով կանխարգելման մեխանիզմների (գործիքակազմերու), մասնաւորապէս, վաղ նախազգուշացման հնարաւորութիւնների, ինչպէս նաեւ միջազգային դատարանների, այդ թւում` Միջազգային քրէական դատարանի զսպման ներուժի ամրապնդումը կարող է մեզ ուղղորդել դէպի աւելի ապահով աշխարհ», շեշտեց Միրզոյեան: