
Լաս Վեկասի Ամերիկահայ մշակութային ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ գաւառի զբօսայգիներու իշխանութիւններուն հաւանութեամբ՝ որոշուած է «Սանսեթ» զբօսայգիին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ 10 յուշաքարեր զետեղել մինչեւ Ապրիլ 2025, իւրաքանչիւրը յուշարձանին մօտերը գտնուող ծառի մը առջեւ, նշելու համար յուշարձանին զետեղման տասնամեակը։

Յուշաքարերէն իւրաքանչիւրը կարելի է հովանաւորել 500 տոլարով։
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել Andy.Armenian@gmail.com հասցէին, ամէնէն ուշը մինչեւ 31 Յունուար 2025։