
Ըստ Թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ՝ «Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու յոյսի շող կայ, որովհետեւ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ «հասած ենք ամէնէն մօտիկ կէտին»:
Ֆիտան նշեց, որ Թուրքիա կ՛աջակցի խաղաղութեան բոլոր ջանքերուն: Մինչ Թուրքիա խաղաղութեան հաստատման հասնելու եզրափակիչ փուլին մասին կը խօսի, Պաքու կը շարունակէ պնդել, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար, երկու հիմնական խոչընդոտներ կան` պնդելով Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը, ուր, ըստ Պաքուի, Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ կան: Իսկ Երեւան կը հակադարձէ՝ ըսելով, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը դրացի երկիրներուն նկատմամբ տարածքային պահանջներ չի պարունակեր: