12 Դեկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինին, յայտնեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան օրակարգային հարցերը եւ հետագայի կատարելիքները:
Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումներուն շուրջ: