ՇԵՇՏՈՒԵՑԱՒ «ՉԱԲԱՀԱՐ» ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻՆ ԴԵՐԸ
12 Դեկտեմբերին, Նիւ Տելհիի մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Հնդկաստան-Իրան եռակողմ ձեւաչափով 2րդ խորհրդակցութիւնները, յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Խորհրդակցութիւնները հնդկական կողմէ վարեց Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Փաքիստանի, Աֆղանիստանի եւ Իրանի տարածքային գլխաւոր վարչութեան պետ Ճ. Փ. Սինկհ, իսկ Հայաստանի եւ Իրանի պատուիրակութիւնները գլխաւորեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի երկիրներու վարչութեան պետ Անահիտ Կարապետեան եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան Հարաւային Ասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ Հաշեմ Աշճազատէ:
«Հիմնուելով 2023թ. Ապրիլին Երեւանում կայացած նախորդ եռակողմ խորհրդակցութիւնների արդիւնքների վրայ` կողմերը քննարկել են հաղորդակցային ուղիների նախաձեռնութիւններին, բազմակողմ հարթակներում ներգրաւուածութեանն ու տարածաշրջանային զարգացումներին առնչուող հարցեր: Նախանշուել են նաեւ առեւտրի, զբօսաշրջութեան եւ մշակութային փոխանակումների խթանման, մարդկանց միջեւ շփումների ամրապնդման ուղիները», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործեց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին պատուիրակութիւնները ընդգծեցին «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային երթեւեկի հաղորդակցութեան միջանցքի (INSTC) շրջանակներուն մէջ սերտ համագործակցութեան խթանման անհրաժեշտութիւնը` այս պարունակին մէջ կարեւոր նկատելով «Չաբահար» նաւահանգիստին դերը:
Հայկական կողմը մասնակցողներուն ներկայացուց հաղորդակցութեան ուղիներուն վերաբերեալ իր՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը: